2023 Praying for Muslims – Western Armenian
Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք իսլամական Ծոմապահութեան Մասին Այս ժամանակին իսլամները կը սկսին միամսեայ ծոմապահութեան, որ կը կոչուի «Ռամատան»: Իսլամական օրացոյցը հիմնուած է լուսնային տարուան վրայ, որ ունի ընդամէնը 354 օր: Ուստի ամէն տարի միամսեայ ծոմապահութիւնը կու գայ մօտ տասնմէկ օր աւելի կանուխ, քան նախորդ տարին: Այս ամսուան ընթացքին իսլամները ծոմ կը պահեն ամէն օր արշալոյսէն մինչեւ մայրամուտ: Անոնք կերակուրչեն ուտեր, չեն խմեր, չեն ծխեր, հաճելի բուրմունքներ չեն գործածեր, եւ ամուսնական յարաբերութիւններ չենունենար: Ամէն օր մայրամուտէն ետք անոնք կ’ընդհատեն ծոմը,…
Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Մուրատ Սուլթանին՝ Թաւրիզի Ոստիկանապետին Ձգած Աւանդին Մասին Մուրատ Սուլթանը ծնած է Պարսկաստանի շահին պալատին մէջ 1876-ին: Ան ոստիկանապետ եւՊարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքին բանակին պետը դարձաւ: Երբ ռուսերը յարձակեցան եւ գրաւեցին այդշրջանը, անոնք ծրագիրներ հիւսեցին՝ Սուլթանը մահապատիժի ենթարկելու համար: Ան փախաւ, բայց ձիւնինպատճառով կանգ առաւ հայ քահանայի մը տունը: Քահանան 40 օր զինք իր տունէն ներս պահեց եւ կերակրեց: Երբ Սուլթանը որոշեց, որ պէտք էր շարունակէր փախչիլ զինք հետապնդողներէն, քահանան անոր ըսաւ, որ իրտունը ապաստանած բոլոր օրերուն…
Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Լիբանանի համար Երկու դարեր առաջ արեւմուտքէն միսիոնարներ սկսան հասնիլ Միջին Արեւելք եւ Լիբանանը անոնց նախընտրած շրջանն էր: Անիկա Սուրիայի մէկ մասը եղած է եւ Օսմանեան Թուրքիայի տիրապետութեան տակ: Աստուծոյ օգնութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ միսիոնարները քանի մը տասնամեակներու ընթացքին տեսան մեծ հունձք: Թէեւ մեզմէ քիչերը լսած են անոնց մասին, բայց մարդիկ ինչպէս Պլիսը, Ճիսափը, Սմիթը եւՎան Տայքը միսիոնարներու տարեգրութեան մէջ լուսատուներ են: Անոնք ամէն բան զոհեցին, շատ չարչարուեցան, եւ պայքարեցան սպառնալիքներու, անօթութեան, հիւանդութեան եւ ուրիշ…
Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք իսլամներուն համար, որ ճանչնան Յիսուսը՝ Բարի Հովիւը Աստուծոյ Խօսքին մէջ Յիսուս բազմաթիւ տիտղոսներ ունի եւ տարբեր ձեւերով նկարագրուած է: Օրինակ՝ Յիսուս Ինքզինք կը կոչէ «Բարի Հովիւ»-ը (Յովհաննէս 10.14): Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում ունինք, որ կը ճանչնանք Զինքորպէս Ան, որ կը հոգայ մեզի, Ան որ խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ մեզ, Ան որ հանդարտ ջուրերու քով մեզ կ’առաջնորդէ, Ան որ մեր հոգին կը նորոգէ, Ան որ արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ մեզ(Սաղմոսաց Գիրք 23.1-3): Ան նաեւ Անիկա է,…
Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի գովաբանենք ԶԱստուած՝ Մեր Պաշտպանը Մովսէս ամուսնացաւ ափրիկեցի կնոջ մը հետ: Անոր ընտանիքը ասկէ գոհ չէր, հաւանաբար ցեղայինխտրականութեան պատճառով: Անոնք իրեն դէմ խօսեցան: Բայց Աստուած իջաւ պաշտպանելու զինք(Կարդացէ՛ք պատմութիւնը Թուոց Գիրք 12-ին մէջ): Երբ կը գտնուիք այնպիսի կացութիւններու մէջ, երբ մարդիկ ձեզի դէմ կը խօսին եւ կը դաւադրեն, Աստուծոյ վստահեցէք, քանի որ Ան ձեր պաշտպանն է: Երբ անոնք կը ծաղրեն ձեզ եւ վատ վերաբերումկ’ունենան ձեզի հանդէպ Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալնուդ պատճառով, կամ ձեր ցեղայինպատկանելիութեան պատճառով, կամ որեւէ ուրիշ…
Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք, որ Սուրբ Հոգին մեզի տայ Աստուածային Յայտնութիւն Նոր Փնտռողներուն Մտադրութիւններուն Մասին Մենք «գոց դռներու ետին» պաշտամունք կ’ընէինք երբ մէկը մեր տան զանգակը զարկաւ: Ես արագաղօթք մը բարձրացուցի դէպի երկինք եւ դուռը բացի եւ տեսայ Մուլտի անունով օտարական մը: Անըսաւ, որ Յիսուսի հաւատացած է Եւրոպայի մէջ: Ես Տիրոջմէն խնդրեցի, որ ինծի յայտնէ եթէ անճշմարտութիւնը կ’ըսէր կամ եթէ ան գաղտնի ոստիկան էր, որ իբրեւ քրիստոնեայ ծպտուած էր: Սուրբ Հոգին հանգստացուց զիս, եւ ես Մուլտին առաջնորդեցի դէպի մեր…
Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Աքսորի մէջ Գտնուող Հաւատացեալներուն համար Նորադարձ երիտասարդին գործընկերը տեսաւ, որ ան Աստուածաշունչ կը կարդար եւիշխանութիւններուն տեղեկացուց: Երբ գիտցան, որ ան Յիսուսի հետեւորդ է, իր ընտանիքին լուր տուինեւ անոնք անմիջապէս որոշեցինք ծրագրաւորել, որ զինք սպաննեն: Ուստի ան առանց ժամանակկորսնցնելու ուրիշ երկիր փախաւ: Բազմաթիւ իսլամներ, որոնք Քրիստոսի կը հաւատան, կը ստիպուին լքել իրենց տուները: Անոնցմէոմանք կը զրկուին իրենց ժառագութենէն եւ ֆիզիքական եւ զգացական բռնաբարումի կ’ենթարկուին: Ուրիշներ կը սպաննուին (կը ջարդուին): Այսպիսի խիստ պատժամիջոցներէ խուսափելու համարշատերը կը փախչին…
Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Քրիստոսին Հաւատացողներուն համար, որոնք Իսլամական Երկիրներ կը Ճամբորդեն Քրիստոնեաներ բազմաթիւ երկիրներէ ամբողջ աշխարհի շուրջ կը ճամբորդեն: Եւ անոնցմէ շատերըկ’երթան իսլամական երկիրներ: Երբ Սուրբ Հոգին մեզ աստուածային նախանձախնդրութեամբ կը լեցնէկորսուածներուն համար, ի՛նչ հզօր ոյժ կրնանք ըլլալ՝ վկայելու մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին համար: Եթէ մենք ունենանք Սուրբ Հոգիին օծութիւնը եւ մեր բերանը բանալու քաջութիւնը, պիտի զարմանանք, թէԱստուած ի՛նչպէս կ’առաջնորդէ մեզ դէպի կարիքաւորները եւ կը գործածէ մեր խօսքերը՝ ծառայելուհամար անոնց: Աղօթք Տէր Աստուա՛ծ, Քէզի կը բերեմ անհամար քրիստոնեաներ,…
Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք, որ Միջին Արեւելքի Մէջ Գտնուող Եկեղեցիները Գործունեայ Դառնան Իսլամները Քրիստոսի Բերելու Գործին մէջ Միջին Արեւելքը կը պարծենայ եկեղեցիով մը, որ աւելի հին է, քան աշխարհի մէջ գտնուող ուրիշ որեւէեկեղեցի: Ատով հանդերձ եօթներորդ դարուն, այդ շրջանէն ներս իսլամական ներխուժումանպատճառով, եւ անոր հետեւող Իսլամական Կայսրութեան ընդլայնման պատճառով, Միջին Արեւելքիբնակչութեան մեծ մասը այսօր իսլամ է: Այդ ներխուժման ինչպէս նաեւ իսլամական մենատիրական իշխանութեան պատճառով, քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ պառակտումը եղած է սուր եւ գրեթէ անչափելի(աներեւակայելի): Մենք գիտենք, որ միայն Աստուծոյ…
Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Իսլամներու մէջ Յաղթող Եկեղեցիի մը համար Յիսուս մեզի խոստացաւ. «[…] Պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն» (Մատթէոս 16.18)1: Հին ժամանակներուն քաղաքին դուռը այն տեղն էր, ուր քաղաքին երէցները կըհաւաքուէին՝ իրենց համայնքին գործերը տնօրինելու համար (Ծննդոց Գիրք 19.1, 23.10: Հռութ 4.1): Դժոխքին դռները այն տեղն է, ուր թշնամին կը հաւաքէ իր դիւային ոգիները՝ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմիրենց ծրագիրները ձեւակերպելու համար: Մենք կը պահանջենք Յիսուսի խոստումը, որ իսլամներունմէջ գտնուող եկեղեցին ըլլայ յաղթական, եւ անոր…
- 1
- 2