Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Օրհնութեան Հովիտին Մասին
Աստուծոյ հրամանով եւ առանց որեւէ կռիւի, Իսրայէլի թագաւորը իր զօրքերը առաջնորդեց դէպի մեծ յաղթանակ մը իրենց թշնամիներուն դէմ: Անոնք անասուններու, հագուստի, ապրանքի եւ պատուական բաներու աւար հաւաքեցին: Յետոյ անոնք հովիտին մէջ հաւաքուեցան՝ օրհնելու Տէրը, Իր օգնութեան համար: Անոնք իրենց հաւաքատեղին կոչեցին Պըրախայի Հովիտ, որ կը նշանակէ Օրհնութեան Հովիտ(Կարդա՛ պատմութիւնը Ա.Մնացորդաց 20.20-26ին մէջ):
Եկէք այս շաբաթ մեր աղօթքը դարձնենք յատուկ հանդիպում մը Ամենակարող Աստուծոյ՝ մեր Արարիչին եւՓրկիչին հետ՝ Անկէ խնդրելով, որ իսլամական ընկերութիւնները վերածէ Օրհնութեան Հովիտներու:
Աղօթք
Սուրբ, սուրբ, սուրբ Ամենակալ Տէր Աստուած, որուն ներկայութեան հրեշտակները կը ծածկեն իրենց երեսներն ու ոտքերը, եւ որուն առջեւ կ’երկրպագեն, Քեզի կու գամ Յիսուս Քրիստոսի՝ Քու Որդիիդ, իմ Տիրոջս անունով: Ղրկէ՛ Քու լոյսդ եւ ճշմարտութիւնդ, որ առաջնորդեն զիս երբ կը քալեմ Քու ճամբաներուդ մէջ: Տո՛ւր ինծի սէրը եւ յարատեւութիւնը (համբերութիւնը), որ բարեխօսեմ Քեզմէ հեռու եղողներուն եւ մեղքիմէջ կորսուածներուն համար:
Կ’աղօթեմ, որ աշխարհի շուրջ գտնուող բազմաթիւ պզտիկ եւ մեծ քաղաքներու մէջ գտնուող իսլամները փոխակերպես Քրիստոսապաշտ, Սուրբ Հոգիով լեցուած մարդոց: Կ’աղօթեմ նաեւ, որ անոնց կրօնական եւ քաղաքական առաջնորդները մասնակցին Քու հրաշալի գործիդ: Թող այդ բոլոր համայնքները կոչուին«Օրհնութեան Հովիտ»:
Կ’աղօթեմ, որ Քու Թագաւորութեանդ մէջ ներառես կեանքի բոլոր խաւերուն պատկանող իսլամութենէ դարձի եկողները ՝ պետական պաշտօնեաներ, ընկերութիւններու գործադիր տնօրէններ, պարզ մարդիկ, հարուստ մարդիկ, աղքատ մարդիկ, երիտասարդ եւ ծեր, ուսեալ եւ անուս: Հիմնէ՛ Քու եկեղեցիդ իսլամներուն մէջ:
Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով մեզ օրհնեց երկինքի մէջ ամէնտեսակ հոգեւոր օրհնութեամբ քանի որ Քրիստոսի միացած ենք (Եփեսացիներուն 1.3): Ամէն:
Խոստում
«[…] Ինծի ըրած աղօթքդ լսեցի» (Դ. Թագաւորաց 19.20):