Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Աքովրի Ձորին Մասին
Աքարը կը ծառայէր Իսրայէլի բանակին մէջ Յեսուի օրերուն: Երբ Աստուծոյ ժողովուրդը իր թշնամիներուն դէմ պատերազմին մէջ յաղթեց, ան գողցաւ աւրէն մասմը, որ պէտք է Տիրոջ նուիրէր: Անոր այս արարքը փորձանք, աղէտ եւ կործանում բերաւ իր եւ իր ժողովուրդին վրայ: Որպէս պատիժ, ան մինչեւ մահ քարկոծուեցաւ Աքորի ձոր կոչուած շրջանին մէջ, որ կը նշանակէ նեղութեան (աղէտի) կամ խռովութեան ձոր (Յեսու 7.24-26):
Իրականութեան մէջ Սատանան գողցած է հսկայ ազգմը, մարդոց ամբողջ խումբմը, որ պէտք է նուիրուած ըլլար Քրիստոսին: Աստուած կրնայ շրջել այդ ողբերգութիւնը եւ իսլամները բերել Իր սիրելի Որդիին Թաւաւորութեան:
Աղօթք
Պատմութեան Աստուած, դէպքերու Վարպետ ճարտարապետ, կ’աղօթենք, որ դրսեւորես Քու զօրութիւնդ ուփառքդ: Սուրբ համարձակութեամբ մենք կը մօտենանք Քեզի խաչիդ միջոցով: Ուրախ երախտագիտութեամբ կը խոնարհինք Քու առջեւդ: Մենք գիտենք, որ արժանի չենք Քու հաճութեանդ եւշնորհքիդ:
Մենք կ’աղօթենք հզօր թշնամիի մը դէմ: Բայց Դուն Ամենակարող Տէրն ու Թագաւորն ես: Սատանան յափշտակած է այն, ինչ որ իրեն չի պատկանիր: Ան ստրկացուացած է իսլամները: Քանի որ անոնք հեռուեն Յիսուսէն, անոնք կը գտնուին թշնամիին տիրապետութեան եւ իշխանութեան տակ:
Երկինքէն նայի՛ր եւ տե՛ս իսլամ զաւակներուն ծանր վիճակը: Ողորմէ՛ անոնց եւ ղրկէ՛ Քու Հոգիդ, որդատապարտէ զիրենք եւ ապահով կերպով առաջնորդէ դէպի Քրիստոսը՝ միակ Փրկիչը եւ Տէրը:
Թող անոնք վերադարձուին այն Աստուծոյն, որ զիրենք ստեղծեց, ճշմարիտ Աստուածը, իրենց Փրկիչը: Ազատագրէ՛ զանոնք, Ամենակարո՛ղ Փրկիչ: Կատարէ՛ այն խոստումը, որ Քու Խօսքիդ մէջ մեզի տուիր, թէՔեզ փնտռող ժողովուրդին համար Սարօն՝ հօտերու փարախ եւ Աքովրի ձորը արջառներու մակաղատեղի պիտի ըլլայ (Եսայի 65.10):
Յիսուսի անունին համար: Ամէն:
Խոստում
«Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար: Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան […] Աքովրի ձորը յոյսի դրան համար անոր պիտի տամ (Յովհաննէս 10.9: Ովսիա2.15):