2023 Praying for Muslims – Western Armenian (Page 4)
Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի գովաբանենք ԶԱստուած՝ Մեր Պաշտպանը Մովսէս ամուսնացաւ ափրիկեցի կնոջ մը հետ: Անոր ընտանիքը ասկէ գոհ չէր, հաւանաբար ցեղայինխտրականութեան պատճառով: Անոնք իրեն դէմ խօսեցան: Բայց Աստուած իջաւ պաշտպանելու զինք(Կարդացէ՛ք պատմութիւնը Թուոց Գիրք 12-ին մէջ): Երբ կը գտնուիք այնպիսի կացութիւններու մէջ, երբ մարդիկ ձեզի դէմ կը խօսին եւ կը դաւադրեն, Աստուծոյ վստահեցէք, քանի որ Ան ձեր պաշտպանն է: Երբ անոնք կը ծաղրեն ձեզ եւ վատ վերաբերումկ’ունենան ձեզի հանդէպ Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալնուդ պատճառով, կամ ձեր ցեղայինպատկանելիութեան պատճառով, կամ որեւէ ուրիշ…
Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք, որ Սուրբ Հոգին մեզի տայ Աստուածային Յայտնութիւն Նոր Փնտռողներուն Մտադրութիւններուն Մասին Մենք «գոց դռներու ետին» պաշտամունք կ’ընէինք երբ մէկը մեր տան զանգակը զարկաւ: Ես արագաղօթք մը բարձրացուցի դէպի երկինք եւ դուռը բացի եւ տեսայ Մուլտի անունով օտարական մը: Անըսաւ, որ Յիսուսի հաւատացած է Եւրոպայի մէջ: Ես Տիրոջմէն խնդրեցի, որ ինծի յայտնէ եթէ անճշմարտութիւնը կ’ըսէր կամ եթէ ան գաղտնի ոստիկան էր, որ իբրեւ քրիստոնեայ ծպտուած էր: Սուրբ Հոգին հանգստացուց զիս, եւ ես Մուլտին առաջնորդեցի դէպի մեր…
Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Աքսորի մէջ Գտնուող Հաւատացեալներուն համար Նորադարձ երիտասարդին գործընկերը տեսաւ, որ ան Աստուածաշունչ կը կարդար եւիշխանութիւններուն տեղեկացուց: Երբ գիտցան, որ ան Յիսուսի հետեւորդ է, իր ընտանիքին լուր տուինեւ անոնք անմիջապէս որոշեցինք ծրագրաւորել, որ զինք սպաննեն: Ուստի ան առանց ժամանակկորսնցնելու ուրիշ երկիր փախաւ: Բազմաթիւ իսլամներ, որոնք Քրիստոսի կը հաւատան, կը ստիպուին լքել իրենց տուները: Անոնցմէոմանք կը զրկուին իրենց ժառագութենէն եւ ֆիզիքական եւ զգացական բռնաբարումի կ’ենթարկուին: Ուրիշներ կը սպաննուին (կը ջարդուին): Այսպիսի խիստ պատժամիջոցներէ խուսափելու համարշատերը կը փախչին…
Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Քրիստոսին Հաւատացողներուն համար, որոնք Իսլամական Երկիրներ կը Ճամբորդեն Քրիստոնեաներ բազմաթիւ երկիրներէ ամբողջ աշխարհի շուրջ կը ճամբորդեն: Եւ անոնցմէ շատերըկ’երթան իսլամական երկիրներ: Երբ Սուրբ Հոգին մեզ աստուածային նախանձախնդրութեամբ կը լեցնէկորսուածներուն համար, ի՛նչ հզօր ոյժ կրնանք ըլլալ՝ վկայելու մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին համար: Եթէ մենք ունենանք Սուրբ Հոգիին օծութիւնը եւ մեր բերանը բանալու քաջութիւնը, պիտի զարմանանք, թէԱստուած ի՛նչպէս կ’առաջնորդէ մեզ դէպի կարիքաւորները եւ կը գործածէ մեր խօսքերը՝ ծառայելուհամար անոնց: Աղօթք Տէր Աստուա՛ծ, Քէզի կը բերեմ անհամար քրիստոնեաներ,…
Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք, որ Միջին Արեւելքի Մէջ Գտնուող Եկեղեցիները Գործունեայ Դառնան Իսլամները Քրիստոսի Բերելու Գործին մէջ Միջին Արեւելքը կը պարծենայ եկեղեցիով մը, որ աւելի հին է, քան աշխարհի մէջ գտնուող ուրիշ որեւէեկեղեցի: Ատով հանդերձ եօթներորդ դարուն, այդ շրջանէն ներս իսլամական ներխուժումանպատճառով, եւ անոր հետեւող Իսլամական Կայսրութեան ընդլայնման պատճառով, Միջին Արեւելքիբնակչութեան մեծ մասը այսօր իսլամ է: Այդ ներխուժման ինչպէս նաեւ իսլամական մենատիրական իշխանութեան պատճառով, քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ պառակտումը եղած է սուր եւ գրեթէ անչափելի(աներեւակայելի): Մենք գիտենք, որ միայն Աստուծոյ…
Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Իսլամներու մէջ Յաղթող Եկեղեցիի մը համար Յիսուս մեզի խոստացաւ. «[…] Պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն» (Մատթէոս 16.18)1: Հին ժամանակներուն քաղաքին դուռը այն տեղն էր, ուր քաղաքին երէցները կըհաւաքուէին՝ իրենց համայնքին գործերը տնօրինելու համար (Ծննդոց Գիրք 19.1, 23.10: Հռութ 4.1): Դժոխքին դռները այն տեղն է, ուր թշնամին կը հաւաքէ իր դիւային ոգիները՝ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմիրենց ծրագիրները ձեւակերպելու համար: Մենք կը պահանջենք Յիսուսի խոստումը, որ իսլամներունմէջ գտնուող եկեղեցին ըլլայ յաղթական, եւ անոր…
Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Շատ Աղքատ Շրջաններու մէջ Բնակողներուն համար Այսօր մեր աշխարհին մէջ մօտաւորապէս մէկ միլիառ հոգի կը բնակի աղքատ շրջաններու մէջ: Խեղճուկեւ յաճախ թշուառ պայմաններով շրջապատուած մարդիկ իրենք զիրենք կը զգան նուաստացած եւքանդուած – չկայ հոսող ջուր, չկայ կոյուղիի համակարգ, բացի ճամբայէն, եւ չկայ մահճակալ, բացիգետնի վրայի խաւաքարտէն: Կ’ըսուի, թէ անոնց թիւը տարուէ տարի կը բարձրանայ: Թէեւ աղքատ շրջաններուն մէջ բնակողներըբոլորը իսլամ չեն, բայց անոնց մեծ մասը իսլամ է: Աղօթք Տէ՛ր Աստուած, Դուն ստեղծեցիր մարդը Քու պատկերովդ,…
Ուրբաթ, Յունուար 6, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք իսլամ Իմամներու համար, Որ Քրիստոսի Գան «Իմամ»ը իսլամ կրօնական առաջնորդ մըն է, որ կ’առաջնորդէ աղօթքը մզկիթին մէջ եւ ուրիշ կրօնականպարտականութիւններ կը կատարէ: Ան նաեւ համայնքի ղեկավար է, որ խորհուրդ եւ ուղղութիւն կու տայիր ժողովուրդին: Աւետարաններուն մէջ հրեայ քահանաները եղած են այն մարդոցմէ, որոնք մեծապէս ընդդիմացած են Յիսուսի եւ հակառակած են Անոր: Արդեօք ոեւէ մէկը կ’ակնկալէ՞, որ անոնցմէ շատերը հաւատանՅիսուսի: Բայց ատով հանդերձ, ըստ Նոր Կտակարանի պատմութեան, ճիշդ ատիկա պատահեցաւ (Առաքեալներուն Գործերը 6.7): Եկէ՛ք միասին հաւատանք,…