2023 Praying for Muslims – Western Armenian (Page 2)
Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Հիսպա–ի Գաղափարին Մասին Բնաւ մտածե՞ր էք, թէ ինչո՞ւ կարգ մը իսլամ հայրեր, եղբայրներ կամ զարմիկներ պատրաստ ենսպաննելու իրենց իսկ ընտանիքին մէջ գտնուող կին մը: Ահա պատասխանը՝ իսլամական կրօնքին մէջ«հիսպայ»ի հասկացողութիւնը կը սորվեցնէ, որ Աստուած իսլամ տղամարդիկը նշանակած է, որ ըլլանդատաւորներ իրենց ընտանիքին, բարեկամներուն եւ դրացիներուն վրայ, որպէսզի ապահովեն, որբոլորը հաւատարիմ են իսլամական կրօնքին եւ կը հետեւին անոր բոլոր պահանջքներուն (Քուրան 9.70: նաեւ 3.103): Ամբողջ իսլամական համայնքին ինչպէս նաեւ անոր իւրաքանչիւր անդամին պարտականութիւնն է այդ պարտականութիւնը…
Ուրբաթ, Յուլիս 7, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Իսլամներուն Միջեւ Աշխատողներուն «Նաւաբեկումներ»-ուն Մասին Երբ մէկը իսլամներու հետ կ’աշխատի՝ անոնց աւետարանելու, նոր հաւատացեալները հասունութեան հասցնելու եւ ժողովները զօրացնելու համար, այս բոլորը կը նշանակէ Սատանային տարածքներուն դէմլուրջ յարձակում: Սատանան հանգիստ պիտի չկենայ եւ պիտի չդիտէ իր մարզին անկումն ուքայքայումը: Ան կատաղօրէն պիտի հակայարձակի. անոր յարձակումը կատաղի է: Անոր հնարքներէն մէկը քրիստոնեայ աշխատողները զբաղեցնելն է այն հարցերով, որոնք վնասակարեն Քրիստոսի հետ առողջ յարաբերութիւն ունենալու համար: Պատմութիւնը շատ ծանօթ է. քրիստոնեայ աշխատողը ծառայութեամբ կը զբաղի, եւ գործը…
Ուրբաթ, Յունիս 30, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Մատաղի Տօնին Մասին Այս եղանակին, իսլամները ամբողջ աշխարհի շուրջ կը տօնեն «Իտ Էլ Ատհա»ն՝ Մատաղի Տօնը, (տարբեր շրջաններու մէջ ուրիշ անուններ կը գործածուին): Այս տօնակատարութիւնը կը յիշատակէ Աբրահամին պատրաստակամութիւնը՝ զոհաբերելու իր որդին (ըստ իսլամական կրօնին՝ Իսմայէլը)՝հնազանդելով Աստուծոյ հրամանին: Բայց Աստուած խոյ մը տուաւ Աբրահամաին, որպէսզի իր որդիին փոխարէն մատուցանէ: Տօնակատարութեան համար իւրաքանչիւր ընտանիք կամ ընտանիքներու խումբ անասուն մը կըսպաննէ, սովորաբար ոչխար մը: Իսլամները ուր որ ալ գտնուին, ըլլայ ատիկա Մեքքայի մէջ «հաժ»ի(ուխտագնացութիւն) մասնակցելու ընթացքին կամ…
Ուրբաթ, Յունիս 23, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք, որ Ամերիկայի Քրիստոնեաները Քաջութիւն Ստանան Ամերիկան հիմնուած է բարեպաշտ կանոններով: Անկախութեան Հռչակումը եւ Սահմանադրութիւնը եւուրիշ նման փաստաթուղթեր կազմողները նոր ազգը ձեւաւորելու ընթացքին մեծապէս հիմնուեցան Աստուծոյ օրէնքին եւ Անոր Խօսքին վրայ: Ձեւով մը, վերջին տասնամեակներուն ընթացքին ամերիկացիքրիստոնեաները հրաժարեցան իրենց պատասխանատուութենէն եւ թոյլ տուին, որ իրենց երկիրը գահավիժի անդունդն ի վար, Աստուծմէ հեռու: Ի՞նչ է արդիւնքը: Աշխարհականութեան յայտնուիլը, որուն կ’ընկերանան զԱստուած եւ Յիսուսը նուաստացնող արարքներ եւ յայտարարութիւններ, եւ ամենավտանգաւորը՝ իսլամական կրօնքինբարձրանալը Ամերիկայի մէջ: Գիտեմ, որ Ամերիկան Աստուծոյ…
Ուրբաթ, Յունիս 16, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Իսլամ Կառավարիչներու Վկայութիւն Տալու Քաջութեան Համար Աստուած շարժեց Մերի Ֆիշըր անունով տան սպասուհիի մը սիրտը (1623-1698): Ան Մերիին տուաւ լոյսՍուրբ Հոգիով եւ ան հաւատաց Քրիստոս Փրկիչին: Ան խանդավառութեամբ լեցուեցաւ՝ փրկութեան պատգամը Սուլթան Մեհմետ Չորրորդին փոխանցելու: Այն ժամանակ անիկա հզօր ՕսմանեանԿայսրութեան տիրակալն էր: Ուստի Մերին դժուարին պայմաններու մէջ Անգլիայէն Թուրքիա ճամբորդեց եւ վերջապէս հասաւ Սուլթանին քով: Երբ հասաւ, Սուլթանը խորհուրդի նիստի մէջ էր՝շրջապատուած իր նախարարներով եւ բարձրաստիճան պետական մարդոցմով: Ան ընդունեց զինքայնպէս, ինչպէս պիտի ընդունէր դեսպան…
Ուրբաթ, Յունիս 9, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Աստուծոյ Յաղթանակի Երգը Հակառակ Սատանային Դաւերուն Վերջերս ես կարճ այցելութիւն մը տուի մեր նախկին եկեղեցւոյ շէնքը: Շատ արմատական փոփոխութիւններ եղած էին: Անիկա ծախուած էր զարգացնողի մը, որ գրասենեակները վերանորոգերէր եւ 500 հոգինոց սրբավայրը վարձու տուած էր իսլամական հաստատութեան մը: Խաչը հանուած էրբարձր գմբէթէն, որ հիմա մերկ կը մնայ: Ես տեսայ, թէ ի՛նչպէս իսլամական հագուստով կին մը եկեղեցւոյ շէնքին գլխաւոր մուտքը բացաւ եւ ներս մտաւ: Ես մարդ եմ, շատ սահմանափակ իմ հայեացքովս եւ տեսութեան սահմանովս: Ես…
Ուրբաթ, Յունիս 2, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Իսլամութեան կողմէ Երրորդութեան Մերժուելուն Մասին Իսլամները կը հաւատան մէկ Աստուծոյ, որուն մէկութիւնը թոյլ չի տար, որ Երրորդութեան վարդապետութիւնը, այսինքն՝ երեք Անձ Մէկ հոգիի մէջ, ընդունուի: Անոնք ունին այն սխալ համոզումը, որ քրիստոնեաները երեք աստուած կը պաշտեն: Իսլամական կրօնքը կ’ըսէ, որ Յիսուս չի կրնար Աստուծոյ Որդին ըլլալ, քանի որ Աստուած չ’ամուսնանար եւ զաւակներ չի ծնիր: Իսլամները կըհաւատան, որ Սուրբ Հոգին պարզապէս հրեշտակ մըն է: Առաւել, Հայր Աստուծոյ սիրալիր յարաբերութիւնը Իր ժողովուրդին հետ բացակայ է իսլամական կրօնքին…
Ուրբաթ, Մայիս 26, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք, որ իսլամութենէ դարձի եկողները լեցուին Սուրբ Հոգիով Յիսուս Հօրը քով համբառնալէն առաջ խոստացաւ ղրկել Սուրբ Հոգին, որ ըլլայ մեր Մխիթարիչը եւ Առաջնորդը եւ մեզ զօրացնէ Իրեն համար վկայելու: Այդ խոստումը կատարուեցաւ Պենտէկոստէի օրը: Այս շաբաթավերջին մենք պիտի տօնենք Պենտէկոստէի Կիրակին՝ յիշատակելու համար ԱստուծոյՀոգիին պարգեւը Եկեղեցիին: Միայն Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը կրնայ մարդիկը քաշել դէպի Քրիստոսը եւ հաւատացեալները կարող դարձնել, որ մեծ բաներ կատարեն իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, աւետարանչութեան եւ միսիոնարութեան ծառայութեան մէջ: Դարերու ընթացքին Սուրբ Հոգին…
Ուրբաթ, Մայիս 19, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Կիներուն համար Մահրամի Իսլամական Գաղափարին մասին Իսլամական կրօնքին համաձայն՝ կիները խաբեբայ են, փորձութեան երթալու հակամէտ եւ անձամբիրենք տղամարդոց համար գայթակղութեան միջոց են: Ուստի պէտք է անոնց ուշադրութեամբ հետեւիլ, պէտք է անոնք ծածկեն իրենց մարմինները երբ հանրութեան մէջ են եւ պէտք չէ խօսին անծանօթներուհետ: Հետեւաբար, իսլամները կը կարծեն, թէ կինը երբեք պէտք չէ առանձինը իր տունէն կամ համայնքէն դուրս ելլէ: Ան պէտք է ունենայ ուղեկից, որպէսզի իր վրայ հսկէ: Իսլամութեան մէջ այդ ուղեկիցը կը կոչուի«մահրամ»: Ձեւով…
Ուրբաթ, Մայիս 12, 2023
Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Սամուէլ Զուէյմըրին Աւանդին Մասին Սամուէլ Էմ. Զուէյմըրը (1867-1952) ամերիկացի միսոինար մըն էր իսլամներուն: Ան ծառայած էԵգիպտոսի, Իրաքի, Պահրէյնի, Եմէնի, Լիբանանի, եւ Արաբական թերակղզիին մէջ գտնուող տարբերշրջաններու մէջ: Ան կոչուած է «Իսլամութեան առաքեալը», «Աւետարանի վառ աւետաբերը» իսլամներումէջ1: Իբրեւ իսլամներու միսիոնար՝ ան հիանալի նուաճումներ իրագործած է իր աշխատանքով, հետազօտութիւններով, եւ գրութիւններով: Տարիներու փորձառութենէ ետք ան յայտարարեց. «Իսլամութեան ուժը տեղին մէջ հանդարտ նստիլն է, միտքերը արգիլելը, բարեկարգիչները լռեցնելը, յառաջդիմութիւնը զզուելի դարձնելն է»: «Ով որ չի սիրեր, չ’ապրիր. ով…