Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք

Չորցած Ոսկորներուն Ձորին Համար

Աստուծոյ Հոգիին զօրութեան տակ Եզեկիէլ մարգարէն տեսիլքի մը մէջ մեռած, չորցած ոսկորներու ձոր մըտարուեցաւ (Եզեկիէլ 37): Մեզմէ շատերը, որոնք իսլամներու հետ կ’աշխատին, կը տեսնեն իսլամական աշխարհը իբրեւ չորցած ոսկորներու ձոր մը: Կեանք չկայ: Շունչ չկայ: Ոչ մէկ շարժում: Ուրախութիւն չկայ: Միայն մահ: Ատով հանդերձ մենք կ’աղօթենք, կը մարգարէանանք եւ կը հաւատանք, որ Տիրոջ Հոգին այդմեռած ոսկորներուն վրայ պիտի գայ եւ անոնք պիտի դառնան Աստուածաշունչին հաւատացող, աստուածապաշտ, Քրիստոսը փառաբանող, Հոգիով լեցուն մարդոց հզօր բանակ մը:

Աղօթք

 Ո՛վ երկինքի եւ երկրի եւ ամբողջ տիեզերքի Գերիշխան Թագաւոր, Ամենակարող Աստուած, հրաշքներու եւ սքանչելիքներու Աստուած, Քեզի կու գամ, որովհետեւ Դուն նաեւ իմ Երկնաւոր Հայրս ես:

Կը հաւատամ, որ ժամանակն է, որ իսլամները ապրին Քեզմէ եկող կեանքի շունչը այնպիսի մեծութեամբ, որ անոր նմանը նախապէս երբեք չէ եղած մարդկութեան պատմութեան մէջ: Մենք մեր շուրջը ունինք կմախքները եւ մնացորդները մեծ թիւով մարդոց, որոնք հոգեպէս մեռած են. անոնք շատոնց սպաննուածեն մեր հոգիներուն թշնամիին կողմէ:

Ո՛վ կենդանի Աստուծոյ Հոգի, փչէ՛ չորցած ոսկորներու իսլամական ձորին վրայ եւ կեանք տո՛ւր անոնց Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Տո՛ւր անոնց հոգեւոր մարմին եւ ջիղեր, որպէսզի դառնան կենդանի Աստուծոյ զաւակները: Տո՛ւր անոնց հոգեւոր ողնայար, որպէսզի ամուր մնան իրենց հաւատքին մէջ:

Ղրկէ՛ Քու կեանքդ ժողովուրդի մը, զոր կարգ մը մարդիկ հաշուի չեն առներ իբրեւ անկարելի՝ Աստուծոյ Թագաւորութենէն ներս բերելու: Պաշտպանէ՛ Քու պատիւդ եւ փաստէ, որ այդպիսի յուսահատութեան ձայները սխալ են:

Ո՛վ չորցած ոսկորներ, Տիրոջ խօսքը լսեցէ՛ք: Այսպէս կ’ըսէ Տէր Աստուած այս ոսկորներուն. «Ահա ես ձեր մէջ[…] շունչ պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք» (Եզեկիէլ 37.4-5):

Տէ՛ր Աստուած, մեր մէջ ներգործող Քու զօրութեամբդ Դուն կարող ես մեր խնդրածէն ու մեր խորհածէն շատաւելին ընել: Քեզի փառք եկեղեցիին մէջ Քրիստոս Յիսուսով բոլոր դարերուն մէջ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն (Եփեսացիներուն 3.20-21):

Խոստում

«Ո՛վ շունչ, չորս հովերէն եկուր ու այս սպաննուածներուն վրայ փչէ՛, որպէսզի կենդանանան […] Շունչըանոնց մէջ մտաւ ու կենդանացան եւ իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան ու խիստ մեծ բանակ մը եղաւ» (Եզեկիէլ 37.9-10):