Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք

Արտասուաց Հովիտին Մասին

Դէպի Երուսաղէմ իրենց ճամբուն վրայ ուխտաւորները կ’անցնէին Արտասուաց Հովիտէն երբ անոնք Տիրոջ Տաճարին արեւմտեան դռնէն կը մտնէին Սուրբ Քաղաքը: Արտասուաց Հովիտը անջուր, չոր հովիտ մըն է: Աստուած անոնց խոստացաւ զայն անձրեւի ջուրի աւազաններով ծածկուած ովասիսի վերածել եւ օրհնել զայն աղբիւրներով եւ առատ կանանչութիւնով եւ ծառերով:

Եկեղեցիին համար իսլամական աշխարհը կը նմանի անջուր, անպտուղ, արեւէն այրած աւազի եւ ժայռերու հովիտի: Բայց այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք փոփոխութեան համար. թող Աստուծոյ Սուրբ Հոգիներ կնային անձրեւ ղրկէ իսլամներուն փոշոտ դաշտերուն վրայ եւ այդ ամայի հովիտը վերածէ մեծ հունձքի երկիրի, որ լեցուն է թանկագին հոգիներով Քրիստոսի թագին մէջ:

Աղօթք

Տէ՛ր Աստուած, մեր Երկնաւոր Հայրը, Դուն տեսար Իսրայէլի որդիներուն չարչարանքը Եգիպտոսի մէջ: Դունլսեցիր անոնց աղաղակը եւ իջար զանոնք փրկելու եւ ազատ արձակելու (Ելք 3.7-8): Այսօր մենք կ’աղաչենք քեզի իսլամ զաւակներուն համար: Անոնք թշուառ են Քրիստոսէն հեռու:

Ատով հանդերձ Դուն կը սիրես զանոնք եւ կը հոգաս անոնց: Դուն հետաքրքրուած ես անոնց բարորութեամբ: Ազատագրէ՛ զանոնք, Ամենակարող Աստուած, այն ծուղակէն, որ թշնամին լարած է իրենցհամար: Թող Քրիստոսը ըլլայ անոնց Տէրը եւ Փրկիչը, անոնց վէմը, անոնց ամրոցն ու ապաստանը:

Այնպէս, ինչպէս Դուն Իսրայէլի որդիները անապատին մէջ առաջնորդեցիր՝ ցերեկը ամպի սիւնով, իսկգիշերը՝ կրակի սիւնով՝ անոնց անցած ճամբան լուսաւորելու համար, կ’աղօթեմ, որ Դուն նոյնպէս Իսմայէլի որդիները առաջնորդես Գողգոթայի խաչին լոյսով եւ ապահով կերպով առաջնորդես զիրենք դէպիԱստուծոյ գահը՝ ալէլուիա եւ փառաբանութիւն երգելու Յիսուսի անուան:

Ո՛վ կենդանի Աստուծոյ Սուրբ Հոգի, այս շաբաթ բազմաթիւ իսլամներ բեր Քրիստոսի Թագաւորութեան: Անոնց տրտմութիւնը եւ սուգը ուրախութեան եւ պարի փոխէ՛ (Սաղմոսաց Գիրք 30.11), անոնց խաւարը լոյսիեւ անոնց մթութիւնը կէսօրուան փոխէ (Եսայի 58.10):

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին թանկագին անունով: Ամէն:

Խոստում

«Արտասուաց հովիտէն անցնելով աղբիւրի պէս կ’ընեն զանիկա: Առաջին անձրեւն ալ օրհնութիւնով պիտիծածկէ զանիկա» (Սաղմոսաց Գիրք 84.6):