Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Շէյխ
Մոհամետ Մանսուրին Աւանդին Մասին
Մոհամետ Մանսուրը գերազանցութեամբ շրջանաւարտ եղաւ իսլամական դպրոցներէն: Յետոյ անդարձաւ Եգիպտոսի հարաւային մասին մէջ գտնուող Սուհակ մզկիթին «իմամ»ը (ղեկավարը): Հետագային ան հիմնեց իսլամական դպրոց մը:
Ձեւով մը ան պէտքը զգաց «քրիստոնէական կրօնը» ոչնչացնելու: Ատիկա ընելու համար անպատրաստուեցաւ՝ Աստուածաշունչը կարդալով: Բայց երբ ան Աստուծոյ Խօսքը կը կարդար, ճշմարտութիւնը յայտնաբերեց: Կասկածի, շփոթութեան եւ անձկութեան դէմ պայքարելէ ետք, ան որոշեց՝Քրիստոսն է աշխարհի Փրկիչը:
Անոր քաղաքը եւ ընտանիքը անոր դէմ զայրացան, բայց չկրցան զինք գտնել, քանի որ ան Քահիրէգացած էր՝ մկրտուելու: Յետոյ անոր հօրեղբայրը իր ետեւէն գնաց եւ փորձեց զինք սպաննել: Հրաշքով աննոյնիսկ չվիրաւորուեցաւ: Ան քաջաբար վկայեց իր հօրեղբօրը եւ յետոյ ազնուօրէն անոր ուղեկցեցաւդէպի երկաթուղային կայարան:
Շէյխ Մանսուրը դարձաւ քարոզիչը այն Աւետարանին, որ ինք ատենօք փորձած էր ոչնչացնել: Ան երկարտարիներ շրջեցաւ ամբողջ Եգիպտոսի մէջ՝ իսլամները եւ ոչ-իսլամները առաջնորդելով Տէր Քրիստոսին: Ան նոյնիսկ իր եղբայրը՝ Քամիլը առաջնորդեց Քրիստոսին: Երբ ես երիտասարդ համալսարանական էի, բազմաթիւ անգամներ լսած եմ Քամիլ Մանսուրը կ’աղօթէ Միջին Արեւելքի մեծագոյն եկեղեցիներուն մէջ:
Աղօթք
Հա՛յր մեր, որ երկինքն ես, որքա՜ն երախտապարտ ենք Քու շնորհքիդ համար: Քու ճամբաներդ անքննելիեն, Քու սէրդ՝ խորունկ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քեզի Շէյխ Մոհամետ Մանսուրին կեանքին եւաւանդին համար: Մենք կ’ուզենք իրեն պէս անհամար մարդիկ տեսնել:
Տո՛ւր մեզի այն քաջութիւնը, որ Մանսուրը մզկիթին ամպիոնէն դէպի բազմաթիւ եկեղեցիներուամպիոնները առաջնորդեց՝ քարոզելու Յիսուս Քրիստոսը, Փրկիչը եւ Տէրը: Տուր մեզի Մանսուրին նմանիմաստութիւն եւ ազնուութիւն, որպէսզի երբեք չանարգենք իսլամները, հապա նրբօրէն եւ քնքշօրէն առաջնորդենք զանոնք դէպի Յիսուսի խաչը:
Օծէ՛ մեզ Քու Սուրբ Հոգիովդ, որպէսզի ըլլանք ազդու պատգամաւորներ եւ տեսնենք, որ Տէ՛ր Յիսուսը կըփոխէ անհամար իսլամներու կեանքերը: Ամէն:
Խոստում
«Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմգտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ, եկուր եւ մասնակից եղիդտիրոջդ ուրախութեան» (Մատթէոս 25.21):