Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2023

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք

Իսլամական Կրօնքին Մէջ Բանական Մտածողութեան Մասին

Իսլամներէն կը պահանջուի կուրօրէն հնազանդիլ եւ հետեւիլ իսլամական կրօնական կանոններուն՝առանց հարցականի տակ առնելու զանոնք կամ տրամախոհելու (կշռադատելու): Արգիլուած էկրօնական հատուածներու քննադատական ընթերցումը: Իսլամական դպրոցներուն մեծ մասը մեծապէս հիմնուած է Քուրանին ինչպէս նաեւ այլ նիւթերու գոց սորվելուն վրայ:

Հիմնական (բոլոր իսլամներուն կողմէ ընդունուած, սովորական) իսլամական կրօնքը կը զգուշացնէ (չիքաջալերեր) կրօնքի վերաբերեալ հարցումներ հարցնելէ, հաւատալով, որ «մտածելը կը նշանակէ անհաւատ ըլլալ»1: Ուստի մէկը պէտք չէ հարցնէ կամ վիճի, այլ պարզապէս ընդունի: Կ’ըսուի, թէբանական մտածողութիւնը կը նմանի «իշու մը. կը քշես զայն մինչեւ որ թագաւորին պալատը հասնիս: Ներս մտնելու համար պէտք է զայն դռան քով ձգես: Իսլամական կրօնքը թագաւորին պալատն է: Դուքպէտք է ձեր տրամաբանութիւնը [դռան քով] ձգէք, որպէսզի [իսլամական կրօնքէն]՝ Աստուծոյ կրօնքէններս մտնէք»2:

Աղօթք

Տէ՛ր Աստուած մեր Արարիչը, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը եւ պատիւը Քեզի՛ կը պատկանին: Դուն մեզբանական էակներ ըրած ես՝ տրամաբանելու եւ մտածելու համար հիանալի ուղեղներով: Անոր համարմենք շնորհակալութիւն կը յատնենք Քեզի եւ կը գովաբանենք Քեզ:

Դուն հաճոյք չես ստանար տեսնելով, որ մարդիկ կը մեռնին առանց Քրիստոսի յոյսը ունենալու (Եզեկիէլ 18.23): Կ’աղօթեմ իսլամներուն համար, որոնք կը կարծեն, թէ կը դաւաճանեն Աստուծոյ եւ իրենցընկերութեան եթէ կասկածի տակ առնեն իրենց կրօնը:

Ազատագրէ՛ անոնց միտքերը այդպիսի կապանքներէ: Տո՛ւր անոնց զգաստ եւ արթուն միտքեր (Ա.Պետրոս 4.7): Տո՛ւր անոնց իմաստութիւն՝ որոշելու, որ ապրին Անոր համար, որ մեռաւ՝ զիրենք փրկելու: Թող Քրիստոս՝ աշխարհի լոյսը, փայլի անոնց սիրտերուն մէջ իր անվրէպ եւ գոյատեւող ողորմութեամբ: Թող անոնք Զինք ընդունին որպէս իրենց Տէրը եւ ճանչնան Անոր ներումին եւ սիրոյն ուրախութիւնը:

Դուն Քու մեծ ողորմութիւնովդ իսլամները իրենց անապատին մէջ երեսէ մի՛ ձգեր (Նեհեմիա 9.19):

Առաջնորդէ՛ զանոնք Քու լոյսովդ դէպի խաչը: Օգնէ՛ անոնց, որ սիրեն Տէրը, իրենց Աստուածը իրենցամբողջ սրտով, ամողջ հոգիով եւ ամբողջ մտքով (Մարկոս 12.30):

Յիսուսի հզօր եւ փառաւոր անունով: Ամէն:

Խոստում

«Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէսզի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելիեւ կատարեալ է» (Հռոմայեցիներուն 12.2):