Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք

Իսլամական Երկիրներու Մէջ

Ֆիլմ Պատրաստողներուն Համար

Ֆիլմերը կ’արտադրուին աշխարհի շուրջ գտնուող բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ բազմաթիւ լեզուներով: Ֆիլմ պատրաստողները ազդեցիկ են մշակոյթները ձեւաւորելու եւ վերաձեւաւորելու գործին մէջ: Անկախանկէ, թէ ֆիլմերը գեղարուեստակա՞ն են, վաւերագրակա՞ն կամ այլ տեսակի, անոնք մարդոց վրայտպաւորութիւն կը ձգեն: Մանուկները եւ երիտասարդները կը փորձեն ընդօրինակել ֆիլմինտի պարներուն արարքները, վարմունքը, հագուստը, լեզուն եւայլն:

Ամէն տարի իսլամական երկիրներուն մէջ կ’արտադրուին բազմաթիւ ֆիլմեր, ձայնասփիւռի եւհեռատեսիլի շարքեր: Չենք կրնար պատկերացնել մասնակցող անձերուն ազդեցութեան տարածութիւնը (սահմանը): Պաստառին վրայ սփռուած բռնութիւնը կը բթացնէ մարդոց զգացումները եւ կը վսեմացնէդաժանութիւնը. սեռային յարաբերութիւնը կը գովազդէ անպատասխանատուութիւնը միջանձնային յարաբերութիւններու մէջ. Խաբէութիւնը, դաւաճանութիւնը եւ անհաւատարմութիւնը կը բթացնեն մարդոցանկեղծ հակումները. եւ այս շարքը կը շարունակուի: Վստահաբար զօրաւոր կապ կայ մեր նստասենեակին մէջ դիտածին եւ յաջորդ օրը մեր ըրածին միջեւ:

 Աղօթք

Հա՛յր, որ երկինքն ես, կ’աղօթենք, որ բազմաթիւ ֆիլմ պատրաստողներ քաշես դէպի Քու Թագաւորութիւնդ: Կը բարեխօսենք անոնց համար, որոնք ամբողջ աշխարհի շուրջ կը գտնուին՝ կին եւտղամարդ, գրողներ, արտադրիչներ, բեմադրիչներ, դերասաններ, օգնականներ եւ ուրիշներ: Թողանոնք Քրիստոսի գան եւ գործածեն իրենց տաղանդները՝ իրենց մշակոյթները դէպի Աստուծմէ վախնալու դարձնելու:

Բայց մասնաւորաբար կ’աղօթեմ իսլամական երկիրներուն մէջ գտնուողներուն համար: Թող անոնքՔրիստոսի փրկութիւնը եւ ազատագրող զօրութիւնը վայելեն: Լեցո՛ւր զանոնք Սուրբ Հոգիով, որպէսզի այն, ինչ որ անոնք մարդոց կը հրամցնեն, դիտողները դէպի Քրիստոսը գրաւեն: Թող անոնք պատկերենտիպարներ, որոնք աստուածաշնչական արժէքներ եւ համոզումներ կը դրսեւորեն: Թող անոնք ընտրենայնպիսի դէպքեր եւ նիւթեր, որոնք Յիսուսի անունին փառք կը բերեն:

Ասիկա կրնայ չափազանց յաւակնոտ (յանդուգն, համարձակ) թուիլ եւ բաւական անկարելի մերսահմանափակ մարդկութեան համար, բայց մենք գիտե՛նք, որ Դուն աւելի՛ քան կարող ես, Ամենակարո՛ղ Աստուած: Ամէն բան կարելի է Քեզի համար: Քու մասնագիտութիւնդ է անկարելին կարելիի դարձնել:

Յիսուսի ամենազօր անունով կ’աղօթեմ:

 Խոստում

«Արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ’օգնէ» (Յակոբոս 5.16):