Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք Քրիստոնեայ
Սպասուհիներու եւ Սպասաւորներու Համար, Որոնք
Կ‘աշխատին Իսլամներու Տուներուն մէջ
Վերջին տարիներուն շարք մը իսլամական երկիրներու մէջ մարդիկ չափազանց բարեկեցիկ կեանքկ’ապրին՝ նաւթատոլարներու եւ այլ եկամուտի աղբիւրներու շնորհիւ: Այդպիսի բարգաւաճման նշաններնեն՝ պալատի նման փառահեղ տուներ, շռայլ ինքնաշարժներ, տնային սպասաւորներու առատութիւն եւ այլն:
Բազմաթիւ բարեկեցիկ ընտանիքներ չափազանց կախեալ դարձած են իրենց տուներուն համարներածուած աշխատուժէն: Կարգ մը սպասուհիներ եւ սպասաւորներ կու գան երկիրներէ, որոնք ունինազատութիւն կամ յարաբերական ազատութիւն Աւետարանին համար, ինչպէս՝ Ֆիլիփփինե անկղզիները, Հնդկաստանը, Սրի Լանքան եւ Թայլանտը:
Աստուածաշունչը կը պատմէ աղջկայ մը պատմութիւնը, որ իսրայէլացի գերի մըն էր եւ ասորիներու զօրքերուն զօրագլուխին տունը իբրեւ աղախին կ’աշխատէր: Ան խոնարհաբար, բայց ազդու կերպովվկայեց իր տիրոջ՝ ճշմարիտ Աստուծոյ զօրութեան մասին: Անոր տէրը բժշկուեցաւ եւ դարձի եկաւ եւպաշտեց ճշմարիտ Աստուածը (Դ.Թագաւորաց 5.1-19):
Կ’ըսուի, որ Պարսից Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ երկու միլիոն ասիացի սպասուհիներկ’աշխատին: Այս տնային օգնականներէն ոմանք վերստին ծնունդ ստացած քրիստոնեաներ են, եւ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնք կրնան միսիոնարական մեծ ուժ ըլլալ՝ իրենց կեանքերով եւիրենց խօսքերով հզօր վկայութիւն տալու:
Աղօթք
Ո՛վ խոնարհներուն եւ աղքատներուն Հովիւը, Քեզի կը բերեմ իսլամներու տուներուն մէջ աշխատող այսքրիստոնեայ սպասուհիները եւ սպասաւորները: Եղի՛ր անոնց զօրութիւնն ու վահանը, ո՛վ Տէր Աստուած: Պաշտպանէ՛ զիրենք թշնամիէն, որ կը փորձէ պարտութեան մատնել եւ կորսնցնել զիրենք:
Տո՛ւր անոնց սէր եւ կարեկցութիւն իրենց գործատէրերուն հանդէպ: Օգնէ՛ անոնց, որ ըլլան անկեղծ եւճշմարիտ: Լեցո՛ւր զանոնք Քու Հոգիովդ, որպէսզի ապրին Յիսուսի անունին պատիւ բերող կեանք մը: Ողողէ՛ անոնց սիրտերը քաջութեամբ, որպէսզի հռչակեն մեծագոյն պատմութիւնը, որ երբեւէ պատմուածէ եւ խաչին ազատագրող զօրութիւնը:
Օգնէ՛ անոնց այդ հոգեւորապէս ամուլ երկիրներուն մէջ, որ գտնեն կենսունակ քրիստոնեայընկերակցութիւններ, որպէսզի կերակրեն զիրենք եւ օգնեն, որ մեծնան եւ շարունակեն իրենցհաւատարիմ ծառայութիւնը Քեզի: Քու թանկագին անունովդ կ’աղօթեմ:
Խոստում
«Անիկա է յոգնածին ուժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը […] ԱնոնքՏիրոջմով պիտի զօրանան ու անոր անունովը պիտի պտըտին» (Եսայի 40.29:
Զաքարիա 10.12):