Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2023

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք

Գթածը, Ողորմածը Արտայայտութիւններուն Մասին

Երբ իսլամները կ’ըսեն.  «Գթած, ողորմած Աստուծոյ անունով», բոլոր իսլամները եւ բազմաթիւքրիստոնեաներ չեն գիտեր, որ ասիկա Աստուածաշունչէն առնուած է: Այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայհրեական կրօնքին եւ քրիստոնէութեան սկզբնական ազդեցութիւնը Մոհամետին վրայ: Ահա այս զուգադրութեան կարգ մը օրինակները Աստուածաշունչէն՝ ողորմած ու բարերար (Ելք 34.6). բարեգութ ուողորմած (Սաղմոսաց Գիրք 86.15, 103.8: Յակոբոս 5.11). գթած եւ ողորմած (Ղուկաս 1.78): Ուստի ասիկաիսլամական խօսք չէ, եւ Աստուածաշունչին հաւատացողներուն համար մեծ սխալ կ’ըլլայ անկէ հրաժարիլըեւ զայն իսլամներուն յանձնելը:

Աղօթք

Ողորմած եւ բարեգութ Աստուած, Հայր մեր, որ երկինքն ես, փառքը եւ մեծութիւնը Քեզի կը պատկանին: Դուն Քու լոյսդ վառեցիր իմ սիրտիս մէջ՝ իմ Տիրոջս՝ Յիսուս Քրիստոսին միջոցով: Դուն ներեցիր իմ մեղքս: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քեզի: Շատ երախտապարտ եմ: Ատոր համար իսլամները կը բերեմ Քուառջեւդ: Որովհետեւ թէեւ անոնք Քեզ բազմագութ եւ ողորմած կը կոչեն, անոնք երբեք չեն հասկցած Քու մեծ ողորմութեանդ եւ գութիդ խորութիւնը, որ Քրիստոսի խաչին վրայ դրսեւորուեցաւ:
Տո՛ւր անոնց Յիսուսը ճանչնալու եւ Անոր փրկարար զօրութիւնը վայելելու փափաքը: Լեցո՛ւր զանոնք ՔուՍուրբ Հոգիովդ: Քաջալերէ՛ զանոնք, որ ուրիշները Քու Թագաւորութենէդ ներս բերելու մէջ գործունեայ ըլլան:
Հաւատարիմ պահէ զիս իմ պատասխանատուութեանս՝ անոնց համար անդադար աղօթելու եւ Քեզիվստահելու, որ իսլամներուն մէջ հրաշքներ ընես:
Քեզի՛, Ամենակարող Աստուած, որ ողորմութեամբ խոնարհեցար մեր Հայրը ըլլալու, փառք եւ վայլչութիւն եւպատիւ եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: 

Խոստում

«Քիչ մը սրտմտութեամբ, մէկ վայրկեան երեսս քեզմէ ծածկեցի, բայց յաւիտենական ողորմութիւնով քեզիպիտի ողորմիմ» (Եսայի 54.8):