Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Թաքիյա Հասկացողութեան Մասին
«Թաքիյա»-ի հասկացողութիւնը թոյլ կու տայ, որ իսլամները ոչ-իսլամները խաբեն: Այս բառը կընշանակէ մոլորեցնել, կեղծել կամ խորամանկել1: Ուստի իսլամ մը, որ իր կրօնքին պատճառով ինքզինք վտանգուած կը զգայ, կրնայ ուրանալ որեւէ բան, որ կրնայ զինք վտանգի մէջ դնել, նոյնիսկ իրհաւատքը2:
«Թաքիյա»-ն հիմնուած է Քուրանի համարներուն վրայ ինչպէս՝ «Թող հաւատացեալները չընդունինանհաւատներուն իբրեւ աջակից … բացի եթէ կը կը վախնաս, որ քեզ վտանգի մէջ դնեն» (Քուրան 3.28, Նոպըլ Թրանսլէյշըն տարբերակէն, էջ 71):
Իսլամ մեկնաբանները այս համարը հետեւեալ ձեւով կը բացատրեն.
«Եթէ դուք՝ իսլամներդ, կը գտնուիք ոչ-իսլամական իշխանութեան տակ, եւ կը վախնաք ձեր ապահովութեան վրայ, այնպէս ձեւացուցէք, որ կարծես հաւատարիմ էք այդ ոչ-իսլամներուն … միաժամանակ պահելով (ծածկելով) ձեր ներքին ատելութիւնը անոնց հանդէպ»:
«Երբ իսլամ մը կը վախնայ, որ իր վրայ չարութիւն պիտի հասնի ոչ-իսլամներու կողմէ, կրնայ ինքզինք պաշտպանել ձեւակերպութեամբ»:
«Եկէք ժպտինք մարդոց երեսին, մինչ մեր սիրտին մէջ կ’անիծենք զիրենք»:
Ուստի իսլամները կրնան ոչ-իսլամներու պէս վարուիլ եւ նոյնիսկ ըսել, որ իրենք քրիստոնեայ են, որպէսզի իրենք զիրենք պաշտպանեն:
Աղօթք
Տէ՛ր Քրիստոս, աշխարհի Լոյսը, ճամբան եւ ճշմարտութիւնը եւ կեանքը, կ’երկրպագենք Քեզի եւ կըպաշտենք Քեզ: Մեր սիրտերը կը հառաչեն իսլամներուն համար, որոնք չեն ճանչնար Քեզ որպէսփառաւոր Տէրը եւ սիրող Փրկիչը:
Մենք զարմացած ենք, որ այս ուսուցումը անոնց կրօնքին մաս կը կազմէ: Մենք կ’ուզենք դատապարտել զիրենք՝ խաբէութիւնը թոյլատրելու (վաւերացնելու) համար: Ներէ՛ մեզի, Տէ՛ր: Օգնէ՛ մեզի, որկարեկցութեամբ բարեխօսենք իսլամներուն համար:
Դուն կը փափաքիս անկեղծութիւն, ճշմարտութիւն եւ պարկեշտութիւն (Սաղմոսաց Գիրք 51.6): Կ’աղօթենք անոնց համար, որոնք ուրիշները կը խաբեն: Քաշէ՛ զանոնք դէպի Քեզ եւ ուրախացուր անոնցսիրտերը Քու աստուածային ներկայութեամբդ: Անոնց ձեռքէն բռնած առաջնորդէ զանոնք դէպի խաչը, թափէ՛ Քու ողորմութիւնդ անոնց վրայ եւ օգնէ՛ անոնց, որ Քու շնորհքդ ապրին:
Երբ Յիսուսի եկած իսլամները Աւետարանը բաժնեկցին, լեցուր զիրենք այնպիսի քաջութեամբ, որուննմանը անկէ առաջ երբեք չեն ճանչցած (տեսած): Քրիստոսի անունով կ’աղօթեմ:
Խոստում
«Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտիգիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8.31-32):