Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2023

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք

Հիսպաի Գաղափարին Մասին

Բնաւ մտածե՞ր էք, թէ ինչո՞ւ կարգ մը իսլամ հայրեր, եղբայրներ կամ զարմիկներ պատրաստ ենսպաննելու իրենց իսկ ընտանիքին մէջ գտնուող կին մը: Ահա պատասխանը՝ իսլամական կրօնքին մէջ«հիսպայ»ի հասկացողութիւնը կը սորվեցնէ, որ Աստուած իսլամ տղամարդիկը նշանակած է, որ ըլլանդատաւորներ իրենց ընտանիքին, բարեկամներուն եւ դրացիներուն վրայ, որպէսզի ապահովեն, որբոլորը հաւատարիմ են իսլամական կրօնքին եւ կը հետեւին անոր բոլոր պահանջքներուն (Քուրան 9.70: նաեւ 3.103): Ամբողջ իսլամական համայնքին ինչպէս նաեւ անոր իւրաքանչիւր անդամին պարտականութիւնն է այդ պարտականութիւնը իրականացնել:
Հիսպա-ն արաբերէն բառ է, որ կը վերաբերի հաշուետուութեան եւ հաշուի նստելուն: «Հիսպա»-ին մէջտուեալ անձը ուրիշի մը անձնական կեանքին միջամուխ կ’ըլլայ եւ անոր (տղամարդուն կամ կնոջ) կըստիպէ, որ յատուկ համոզումներ կամ վարքագիծ որդեգրէ՝ մահապատիժի սպառնալիքին տակ: Մուհամետը ըսած է. «Ո՛վ որ չարիք տեսնէ, պէտք է իր ձեռքով [ուժի միջոցով] փոխէ զայն: Եթէ չկարենայայդ մէկը ընել, ապա իր լեզուով [ուսուցումի միջոցով] պէտք է ընէ: եթէ այդ ալ չկարենայ ընել, ապա իրսիրտով [սիրով եւ կարեկցանքով], որ հաւատքի ամենատկար ձեւն է» (հատիթ):
«Հիսպա»-ին մէջ կան չորս տարրեր՝ սխալը, սխալ գործող անձը, դատաստավճիռը (պատիժը), եւդատավճիռը կայացնող եւ գործադրող անձերը: Այս գործընթացին շատ մը բաղկացուցիչներէն են՝խորհուրդներու օգտագործում, բիրտ (կոպիտ) խօսքեր, սպառնալիքներ, մեկուսացում, ծեծ, ֆիզիքականբռնութիւն, չարչարանք եւ վերջապէս սպաննել (հմմտ Հռոմայեցիներուն 2.1):

Աղօթք

Ողորմա՛ծ եւ գթասի՛րտ Հայր, Դուն երկայնամիտ ես եւ սիրով ու շնորհքով լեցուն: Մենք մեղաւոր ենք: Առանց Քու շնորհքիդ, մենք բոլորս պիտի դատապարտուէինք եւ կորսուէինք: Առանց Յիսուսի խաչին, մենք բոլորս թշուառ եւ անպէտք պիտի ըլլայինք:
Քու Խօսքդ մեզի կ’ըսէ. «Միակ Օրէնսդիրն ու Դատաւորը, որ իշխանութիւն ունի փրկելու կամ կորուստիմատնելու՝ Աստուած է: Դուն ո՞վ ես որ քու ընկերդ կը դատես» (Յակոբոս 4.12):
Ուստի այսօր Քեզի կը բերեմ ժողովուրդ մը, որ ինքզինք ուրիշներու վրայ դատաւոր կը համարէ: Օգնէ՛անոնց, որ անդրադառնան, թէ Դուն ի՛նչպէս կը տեսնես զիրենք, եւ թող անոնք Քու ձրի շնորհքիդ փորձառութիւնը ունենան: Ներէ՛ անոնց իրենց մեղքերը: Բա՛ց անոնց աչքերը, որպէսզի տեսնեն եւ անոնց ականջները, որպէսզի լսեն, որ Աստուած եկաւ Քրիստոսի մէջ: Ան մեզի այցելեց՝ մեզ փրկելու եւ բոլորիսօգնելու համար:
Թափէ՛ Քու օրհնութիւններդ իսլամներու բոլոր խաւերուն պատկանող մարդոց, ամէն տեսակի համոզում ունեցողներուն, եւ բոլոր ընկերութիւններուն մէջ գտնուողներուն վրայ: Քու դէմքդ ցոյց տուր անոնց: Խաչի՛նբեր զանոնք: Լեցո՛ւր զանոնք Քու Սուրբ Հոգիովդ: Ո՛վ ոչխարներուն Մեծ Հովիւը, խոտաւէտ արօտներումէջ պառկեցուր զանոնք, հանդարտ ջուրերու քով առաջնորդէ զանոնք եւ արդարութեան ճամբաներումէջ առաջնորդէ զանոնք: Քու անուանդ համար, ամէն:

Խոստում

«[…] Մեր դատաւորը Տէրն է, մեր օրէնսդիրը Տէրն է, մեր թագաւորը Տէրն է, անիկա մեզ պիտի ազատէ» (Եսայի 33.22):