Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք, որ իսլամութենէ դարձի եկողները լեցուին
Սուրբ Հոգիով
Յիսուս Հօրը քով համբառնալէն առաջ խոստացաւ ղրկել Սուրբ Հոգին, որ ըլլայ մեր Մխիթարիչը եւ Առաջնորդը եւ մեզ զօրացնէ Իրեն համար վկայելու: Այդ խոստումը կատարուեցաւ Պենտէկոստէի օրը: Այս շաբաթավերջին մենք պիտի տօնենք Պենտէկոստէի Կիրակին՝ յիշատակելու համար ԱստուծոյՀոգիին պարգեւը Եկեղեցիին: Միայն Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը կրնայ մարդիկը քաշել դէպի Քրիստոսը եւ հաւատացեալները կարող դարձնել, որ մեծ բաներ կատարեն իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, աւետարանչութեան եւ միսիոնարութեան ծառայութեան մէջ:
Դարերու ընթացքին Սուրբ Հոգին աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ ապրող բազմաթիւ իսլամներու Քրիստոսը յայտնած է՝ հրաշքներու, տեսիլքներու եւ երազներու միջոցով: 1960-ական եւ 1970-ականթուականներուն Ինտոնեզիայի մէջ եւ նեկայիս Ափրիկէի որոշ մասերուն մէջ Քրիստոսի եկած իսլամներուն մեծ հոսքը հիմնականօրէն կարելի է վերագրել Սուրբ Հոգիին հզօր աշխատանքին:
Աղօթք
Ո՛վ Սուրբ Հոգի Աստուած, իսլամութենէն դէպի Քրիստոսի դարձի եկած իսլամներուն վրայ եկուր, եւ լեցուրզնք Քու զօրութեամբդ եւ ներկայութեամբդ: Կատարէ անոնց կեանքերուն մէջ Պենտէկոստէի մասինՅիսուսի տուած խոստումը: Սուրբ Հոգի, սրբագործէ զիրենք, առաջնորդէ զիրենք դէպի ճշմարտութիւնը, եւ իրենց օգնէ, որ յաղթական քրիստոնէական կեանք մը ապրին: Զիրենք շրջապատող միջավայրը շատթշնամական է Աւետարանին հանդէպ եւ անոնք Հոգիին լիութեան պէտքը ունին, որպէսզի յարատեւենՔեզի հանդէպ իրենց ունեցած նուիրումին մէջ:
Օգնէ՛ անոնց, որ ուրիշներու համար աղօթեն եւ բարեխօսեն կորսուած աշխարհին համար: Ներշնչէզանոնք նախանձախնդրութեամբ եւ զօրութեամբ՝ Քրիստոսի համար վկայելու, ամբողջ աշխարհի մէջ Աւետարանը տարածելու, եւ Աստուծոյ մեծափառութիւնը ցոյց տալու նշաններով եւ հրաշքներով:
Կ’աղօթեմ, որ գայ ժամանակը երբ «երկիրը Տիրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէսջուրերը ծովը կը ծածկեն» (Ամբակում 2.14):
Յիսուսի հզօր անունով կ’աղօթեմ: Ամէն:
Խոստում
«Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան, ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն: Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն» (Յովէլ 2.28):