Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Կիներուն համար Մահրամի Իսլամական Գաղափարին մասին
Իսլամական կրօնքին համաձայն՝ կիները խաբեբայ են, փորձութեան երթալու հակամէտ եւ անձամբիրենք տղամարդոց համար գայթակղութեան միջոց են: Ուստի պէտք է անոնց ուշադրութեամբ հետեւիլ, պէտք է անոնք ծածկեն իրենց մարմինները երբ հանրութեան մէջ են եւ պէտք չէ խօսին անծանօթներուհետ:
Հետեւաբար, իսլամները կը կարծեն, թէ կինը երբեք պէտք չէ առանձինը իր տունէն կամ համայնքէն դուրս ելլէ: Ան պէտք է ունենայ ուղեկից, որպէսզի իր վրայ հսկէ: Իսլամութեան մէջ այդ ուղեկիցը կը կոչուի«մահրամ»: Ձեւով մը «մահրամ»ը կինը ինքզինքէն կը պաշտպանէ:
Սովորաբար «մահրամ»ը ծնողն է, քոյրը կամ եղբայրը, որդին կամ ուրիշ ոեւէ տղամարդ, որ իրաւունք չունի ամուսնանալու իր պաշտպանած կնոջ հետ:
Այս գաղափարը, ինչպէս նաեւ իսլամական կրօնքին մէջ գտնուող ուրիշ համոզումներ, կը խօսինկոտրուած կրօնական համակարգի մը մասին, որ չ’ընդունիր (չ’անդրադառնար), որ իրական հարցը մարդուն սիրտին մէջ գտնուող մեղքին արմատն է: Այս համակարգին պահապանները կը կարծեն, թէկրնան մեղքը կառավարել (հակակշռի տակ առնել) արտաքին սահմանափակումներու միջոցով: «Մահրամ»ի պարագային կնոջ ուղեկցող տղամարդը զինք իր անձէն պաշտպանելու միջոցն է:
Աղօթք
Տէ՛ր Աստուած, մեր Արարիչը, Դուն մեզ՝ տղամարդ եւ կին Քու պատկերովդ ստեղծեցիր: Դուն մեզ հիանալի պարգեւներով օժտեցիր: Բայց ատով հանդերձ, մենք բոլորս մեղքի մէջ ինկանք: Մեզմէ ոչ ոք, առանց Քրիստոսի, կրնայ արդարութիւն պահանջել: Մեզմէ ոչ ոք ուրիշներէն գերադաս է: Մենք չենք հաւատար, որ կիները աւելի մեղաւոր են, քան տղամարդիկը:
Կ’աղօթեմ, որ բազմաթիւ իսլամներ՝ թէ՛ տղամարդիկ եւ թէ՛ կիներ, Յիսուսի՝ մեր Փրկիչին եւ Ազատարարին միջոցով այս շաբաթ Քեզի գան: Օգնէ՛ իրենց, որ անդրադառնան, որ իրենք բոլորն ալմեղաւորներ են, որոնք Աստուծոյ փառքէն զրկուած են (Հռոմէացիներուն 3.23), եւ միայն Քու շնորհքովդ է, որ մարդիկ կրնան Քեզի մօտենալ:
Այս աղօթքը Քեզի կը մատուցանեմ Յիսուս Քրիստոսի՝ Քու Որդիիդ, իմ Տիրոջս թանկագին անունով: Ամէն:
Խոստում
«Կենեցի Քաբերին կինը Յայէլ կիներուն մէջ ամէնէն աւելի օրհնեալ ըլլայ. վրաններու մէջ բնակողկիներէն աւելի օրհնեալ ըլլայ» (Դատաւորաց Գիրք 5.24)):
«Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է […] Մարիամ ըսաւ.”Ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծիերանութիւն պիտի տան […] ” (Ղուկաս 1.28, 46, 48):