Ուրբաթ, Մայիս 12, 2023

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Սամուէլ Զուէյմըրին Աւանդին Մասին

Սամուէլ Էմ. Զուէյմըրը (1867-1952) ամերիկացի միսոինար մըն էր իսլամներուն: Ան ծառայած էԵգիպտոսի, Իրաքի, Պահրէյնի, Եմէնի, Լիբանանի, եւ Արաբական թերակղզիին մէջ գտնուող տարբերշրջաններու մէջ: Ան կոչուած է «Իսլամութեան առաքեալը», «Աւետարանի վառ աւետաբերը» իսլամներումէջ1: Իբրեւ իսլամներու միսիոնար՝ ան հիանալի նուաճումներ իրագործած է իր աշխատանքով, հետազօտութիւններով, եւ գրութիւններով: Տարիներու փորձառութենէ ետք ան յայտարարեց. «Իսլամութեան ուժը տեղին մէջ հանդարտ նստիլն է, միտքերը արգիլելը, բարեկարգիչները լռեցնելը, յառաջդիմութիւնը զզուելի դարձնելն է»: «Ով որ չի սիրեր, չ’ապրիր. ով որ կ’ապրի [Քրիստոսի] եանքով, չիկրնար մեռնիլ»2:

Աղօթք

Հա՛յր մեր, որ երկինքն ես, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քեզի Սամուէլ Զուէյմըրին պէս մարդոց համար: Դուն կանչեցիր եւ զինեցիր զինք: Շնորհակալ եմ անոր քաջութեան, զոհաբերութեան եւ յարատեւութեան(համբերութեան) համար: Կ’աղօթեմ, որ բազմաթիւ երիտասարդներ կանչես եւ զիրենք պատրաստես իսլամներու մէջ Քու Խօսքդ տարածելու մեծ գործին համար: Տո՛ւր անոնց քաջութիւն՝ համբերութեամբ եւխոնարհութեամբ հանդիպելու ընդդիմութեան եւ թշնամութեան: Ինչպէս Դուն նախանձախնդրութեամբ վառեցիր Զուէյմըրը, նոյնպէս զինէ այս նոր պատգամաւորները կորսուածներուն հանդէպ անսասաննուիրումով եւ անխոտոր սիրով:

Օգնէ՛ անոնց, որ հասկնան, որ հնազանդութեան ճամբան միշտ սահուն չէ: Յաճախ պէտք է բարձր գինվճարել: Սամուէլ Զուէյմըրը եւ իր կինը մէկ շաբթուան ընթացքին թաղեցին իրենց չորս տարեկան եւ եօթըտարեկան աղջիկները Պահրէյնի մէջ: Անոնց գերեզմանին վրայ անոնք գրեցին. «Գառնուկը արժանի էստանալու հարստութիւն»: Օգնէ՛ նոր միսիոնարներուն, որ պատրաստ ըլլան հնազանդութեան գինըվճարելու:

Ամենակարո՛ղ Տէր Աստուած, արշալոյս է Աւետարանին համար իսլամական աշխարհին մէջ: Ցոյց տո՛ւրՔու փառքդ իսլամներուն մէջ: Յիսուսի թանկագին անունով: Ամէն:

Խոստում

«Տիրոջը յուսացողները Սիօն լերանը պէս են, որ չսասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ: ԻնչպէսԵրուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է, նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է ասկէ յետոյ մինչեւյաւիտեան» (Սաղմոսաց Գիրք 125.1-2):