Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Հռութի՝ Թագաւորին Մեծ Մօր Նման Կիներու Համար

Հռութը երիտասարդ տարիքին այրի դարձաւ: Ան մովաբացի էր: Երբ Նոեմին՝ անոր իսրայելացի կեսուրը որոշեց Մովաբի երկիրէն հեռանալ եւ Իսրայէլ վերադառնալ, Հռութ պնդեց իրեն միանալ: Ան քաջաբարայդ ընտրութիւնը ըրաւ, թէեւ գիտէր, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութիւն կար:

Երբ երկու կիները Բեթլէհէմ հասան, ամբողջ քաղաքը հետաքրքրութիւնէն շարժեցաւ: Շատ չանցած՝Հռութը ընթրիքի մը ընթացքին Բոոսի հետ էր, որ ազդեցիկ հողատէր մըն էր: Դէպքերը արագօրէն զարգացան եւ Բոոս ամուսնացաւ Հռութին հետ: Ան որդի մը ծնաւ, որ հետագային Դաւիթ Թագաւորին մեծ հայրը դարձաւ: Հռութը՝ մովաբացի աղջիկը, դարձաւ Դաւիթ թագաւորին եւ անշուշտ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մեծ մօր մայրը: (Կարդացէ՛ք Հռութի ամբողջ գիրքը Աստուածաշունչէն):

Աղօթք

Փառաւո՛ր Աստուած, որ երկինքի մէջ ես, Դո՛ւն ես յաւիտենական Թագաւորը: Դո՛ւն կ’առաջնորդես պատմութիւնը: Դո՛ւն կը ղեկավարես յաւիտենականութեան գործերը: Դո՛ւն կը կառավարես դէպքերը: Դուն նաեւ փրկող Աստուածն ես: Շնորհակալ եմ Քեզի, մեր Տէրը եւ Փրկիչը, Հռութին պատմութեան համար, որ օտարական եւ անզաւակ այրի մըն էր: Դուն անոր դժբախտութիւնն ու մինակութիւնը վերածեցիր մեծ եւ բացարձակ օրհնութեան: Ոչ ոք կրնայ Քեզի պէս մութ գիշերը պայծառ առաւօտիվերածել:

Կ’աղօթեմ, որ բազմաթիւ իսլամ կիներ Հռութին նմանին, լեցուն քաջութեամբ՝ հետեւելու միակ ճշմարիտԱստուծոյն դէպի անյայտ ապագայ մը՝ վտարուելու եւ ծաղրանքի ենթարկուելու գնով:

Թող իսլամութենէն Յիսուսի եկող կիները լեցուին Քու սիրոյդ եւ հոգատարութեանդ վստահութեամբ: Օգնէ՛անոնց, որ հասկնան, թէ իրենց կատարած ոչ մէկ զոհաբերութիւնը Երկնաւոր Հօր կողմէ աննկատչ’անցնիր: Թող մեր Տիրոջ հետեւելու անոնց վճռականութիւնը կոտրէ իրենց մշակոյթին դիմադրութիւնը: Թող Քրիստոսի այս հետեւորդները, որոնք «ցած մակարդակի մարդիկ» (տկար մրցակիցներ) կըհամարուին, դառնան առաջնորդներ, որոնք ուրիշները Քեզի կը բերեն: Ամէն:

 Խոստում

«Կիները Նոեմիին ըսին. “Օրհնեալ ըլլայ ՏԷՐԸ […] հարսդ […] քեզի եօթը որդիէ աղէկ է”»

(Հռութ 4.14-15):