Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Փըրփեչուային Աւանդին Մասին

Վիպիա Փըրփեչուան 22 տարեկան գեղեցիկ երիտասարդ կին մըն էր, որ մանուկ մը ունէր: Ան կ’ապրէր Քարթաժ քաղաքին մէջ, ներկայիս Թունիսի մէջ, հիւսիսային Ափրիկէ: Անոր հայրը եւ ընտանիքը իրենցհամայնքին մէջ յարգուած մարդիկ էին: Ան նաեւ լաւ կրթութիւն ստացած էր:

Այն ժամանակ, երբ հռոմի իշխանութիւնները դաժանօրէն կը հալածէին քրիստոնեաները, Փըրփեչուանիր կեանքը նուիրեց Քրիստոսին եւ դարձաւ շատ ջերմ հաւատացեալ մը: Այդ պատճառով ձերբակալեցինզինք եւ բանտը նետեցին, ուր ուրիշներու հետ մահուան դատապարտուեցաւ: Անոր հայրը եւ ուրիշներանոր աղաչեցին, որ հրաժարի իր հաւատքէն, բայց ան բացարձակապէս մերժեց:

Մարտ 7, 203 Քրիստոնեայ դարաշրջան, որ կը սկսի Յիսուսի ծնունդով, քաղաքին բացօդեայ թատրոնինմէջ (ամֆիթատրոն) Փըրփեչուան վայրի գազաններուն առջեւ նետեցին: Մինչ խանդավառուածհանդիսատեսները կը դիտէին եւ կը գոռային, վայրի կենդանիները յարձակեցան անոր վրայ եւ խոցեցինանոր մարմինը եւ պատռեցին անոր հագուստը: Վերջապէս սուսերամարտիկ մը իր սուրով խոցեց զինք. եւ ան դրախտ մտաւ՝ փառաբանելով եւ Աստուծոյ երկրպագելով: Անոր վերջին խօսքերը քաջալերեցինմիւս հաւատացեալները, որ ամուր մնան իրենց հաւատքին մէջ, երբեք չյանձնուին եւ երբեք թոյլ չտան, որտառապանքը բաժնէ զիրենք Քրիստոսէն:

Աղօթք

Տէ՛ր Աստուած, շնորհակալ ենք Փըրփեչուային՝ այս երիտասարդ, քաջ սրբուհիին աւանդին եւ յիշատակինհամար: Կը խնդրեմ, որ մեր սիրտերուն մէջ փորագրես յաւիտենական դասեր անոր կեանքէն:

Ո՛վ ողորմած (բազմագութ) Հայր, յիշէ մեր եղբայրները եւ քոյրերը, որոնք իսլամ իշխանութիւններու կողմէ ձերբակալուած են այսօր, քանի որ անոնք հաւատացին Քրիստոսի եւ կը մերժեն Անկէ հրաժարիլ զինքկամ ուրանալ Զինք: Տո՛ւր այսօրուան սուրբերուն տոկունութիւն եւ համարձակութիւն ինչպէս որ տուիր Փըրփեչուային: Օգնէ՛ անոնց, որ դրսեւորեն Քրիստոսի սէրը եւ զօրութիւնը իրենց գերութեան ընթացքին եւ Աւետարանը հռչակեն զիրենք գերողներուն:

Մխիթարէ՛ զանոնք, կ’աղօթեմ: Թեթեւցուր անոնց ցաւը: Իրենց հետ եղիր երբ կը չարչարուին: Թող անոնքզգան Քու ձեռքերդ, որ զիրենք կը փաթթէ երբ մինակ եւ լքուած կը զգան: Սրէ՛ անոնց միտքը եւյիշողութիւնը Քու Խօսքէդ առնուած համարներով, որոնք պիտի հանգստացնեն զիրենք եւ պիտի թեթեւցնեն իրենց հոգիին ցաւը:

Քու Սուրբ Հոգիովդ անոնց շնորհք տո՛ւր՝ ներելու զիրենք տանջողները: Զարմացո՛ւր զիրենք բանտարկեալներ եւ բանտի պաշտօնեաներ Քրիստոսի դարձի եկած տեսնելու ուրախութեամբ:

Խոստում

«Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատթէոս 10.22):