Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2023

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Ծոմապահութիւնը Դադրեցնելու Տօնակատարութեան Մասին

Իսլամները «Ռամատան»ի միամսեայ ծոմը կ’աւարտեն տօնակատարութեամբ մը, որ կը կոչուի «Իտ Էլ Ֆըթըր», որ իսլամական երկիրներու մէջ ազգային տօն է: Այդ ընթացքին կ’ըլլան խնճոյքներ եւտօնախմբութիւններ: Կը դադրի կերակուրի եւ խմելիքի հանդէպ ինքնազսպումը: Տրամադրութիւնը կըփոխուի մռայլէն դէպի ուրախ: Ընտանիքի անդամները միասին կը հաւաքուին: Մարդիկ ողորմութիւն կուտան աղքատներուն:

Ատով հանդերձ, ցնծութեան եւ ուրախութեան այս պահին հազուադէպ չէ, որ մարդիկ իրենք զիրենքդատարկ եւ չբաւարարուած զգան:

Աղօթք

Օրհնեալ ըլլայ Քու վայելչութիւնդ երկինքի մէջ, ո՛վ Աստուած (Եզեկիէլ 3.12): Դո՛ւն ես ճշմարիտ Աստուածը, միա՛կ Աստուածը, զոր պէտք է երկրպագել եւ պաշտել: Դուն ճշմարիտ ուրախութեան եւ մխիթարութեան աղբիւրն ես. Դո՛ւն ես մեր յոյսը:

Կ’աղօթեմ այս սիրելի բարեկամներուն համար. թող անոնք Քեզի թոյլ տան, որ փոխակերպես իրենցկեանքերը: Թէեւ անոնք հիմա կը դադրեցնեն իրենց ծոմապահութիւնը եւ կը տօնեն եւ խնճոյք կ’ընեն, իրենց իրական պէտքը Յիսուսն է՝ Կենաց Հացը: Բա՛ց անոնց սիրտերը՝ Քրիստոսի պատգամը ստանալուհամար: Տո՛ւր անոնց Աստուծոյ Խօսքին քաղցն ու ծարաւը: Անոնց մէջ դի՛ր Յիսուսը ճանչնալու եւ Անորհետեւելու փափաքը:

Դուն խոստացար կոչունք մը ընել բոլոր ազգերուն, պարարտ բաներու կոչունք մը ընել (Եսաեայ 25.6): Տէ՛ր, իսլամները շատ կարիքաւոր են. անոնք Քեզի համար մեծ քաղց ունին, նոյնիսկ եթէ անոր գիտակցութիւնը չունին: Կ’աղօթեմ, որ Քրիստոսի սէրը դպչի անոնց սիրտերուն: Թող անոնք գիտնանխաչին վրայ Յիսուսի կատարած զոհաբերութեան կարեւորութիւնը: Թող անոնցմէ շատերը, նոյնիսկ այսօր, իրենց կեանքերը նուիրեն Քեզի, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին, եւ գտնեն ճշմարիտ խաղաղութիւն, ուրախութիւն եւ հանգիստ Քու մէջդ: Ամէն:

Խոստում

«Տօնին վերջին օրը Յիսուս կայներ էր, կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. “Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ: Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’”» (Յովհաննէս 7.37-38):