Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Զօրութեան Գիշերուան Մասին
Իսլամական օրացոյցին մէջ «Ռամատան» ամսուան 27-րդ օրը կը կոչուի «Զօրութեան Գիշեր»: Ատիկա կըյիշատակէ այն գիշերը երբ կարգ մը մարդոց ըսածին համաձայն Մոհամետը ստացաւ Քուրանի առաջինյայտնութիւնը Ճիպրիլ (Գաբրիէլ) հրեշտակէն: Այդ գիշեր, երբ իսլամները կը տօնեն այդ դէպքը, շատսպասողական վիճակի մէջ կ’ըլլան: Շատեր ժամանակ կը յատկացնեն Քուրանը կարդալու եւ յատուկաղօթքներ ընելու: Անոնք կը հաւատան, որ այդ գիշերը աւելի լաւ է քան հազար ամսուայ պաշտամունքը: Այս շրջանին ոմանք կ’ըսեն, որ կը տեսնեն երազներ եւ տեսիլքներ:
Քանի մը օրէն իսլամները պիտի դադրեցնեն իրենց միամսեայ «Ռամատան»ի ծոմը:
Աղօթք
Ո՛վ ամէն օրհնութեան, ողորմութեան եւ շնորհքի աղբիւր, Հայր մեր, որ երկինքն ես, կը պաշտենք եւ կըգովաբանենք Քեզ: Մովսէսի օրերուն, Դուն երկինքէն խօսեցար եւ Քու ժողովուրդիդ տուիր ուղիղդատաստաններ, ճշմարիտ օրէնքներ եւ պատուիրանքներ եւ բարի կանոններ (թելադրանքներ) եւուսուցումներ (Նեհեմիա 9.13): Եւ Դուն շարունակեցիր անոնց ղրկել մարգարէներ՝ իրենց օգնելու եւառաջնորդելու զիրենք:
Քու Խօսքդ մեզի կ’ըսէ, որ վերջապէս այս վերջին օրերուն Քու Որդիովդ՝ Յիսուս Քրիստոսով խօսեցարմեզի հետ (Եբրայեցիներուն 1.2): Ան է, որ մեռաւ խաչին վրայ, որպէսզի ներէ մեր մեղքը, մեզ դարձնէ Քուզաւակներդ եւ բանայ ճամբան, որ գանք Քու սուրբ ներկայութեանդ: Առանց խաչին մենք Քեզիմօտենալու ուրիշ միջոց չէինք ունենար: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քեզի:
Հա՛յր իմ, կը խնդրեմ, որ Քրիստոսը յայտնես իմ իսլամ բարեկամներուս: Այցելէ՛ անոնց Քու Սուրբ Հոգիիդ զօրութեամբ: Դատապարտէ՛ զիրենք Քու Որդիդ մերժելու եւ ուրիշին հաւատալու մեղքին համար: Թողանդրադառնան (գիտակցին), որ Յիսուսի հռչակումները ճշմարիտ են, թէ Ինք Տէրն է, Փրկիչը եւ Աստուծոյ Որդին: Թող անոնք ընդունին Զինք իրենց կեանքերէն ներս եւ ենթարկուին Անոր:
Ո՛վ Տէր Յիսուս, ցոյց տուր Քու փառքդ իսլամներուն այս ժամանակ երբ անոնք կը սպասեն երազներ եւ տեսիլքներ: Իրենց եկուր գերբնական կերպով եւ խօսիր իրենց սիրտերուն: Գոհացուր անոնց պէտքերը եւ խաղաղեցուր (հանդարտեցուր) անոնց վախերը: Յայտնէ անոնց Քու հզօր զօրութիւնդ, Քու ողորմածսէրդ, եւ Քու ներող շնորհքդ: Փոխէ՛ անոնց կեանքերը: Յո՛յս տուր անոնց եւ լեցուր զանոնք Քու Հոգիովդ: Ամէն:
Խոստում
«Երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ» (Յովհաննէս16.13):