Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2023

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք իսլամներուն կողմէ
Խաչին Մերժուելուն Մասին

Այսօր մենք կը յիշենք Յիսուսի խաչելութիւնը, միակ միջոցը, որով մենք յաւիտենական կեանք ունինք: Իսլամական կրօնքը կը մերժէ Յիսուսի մահը խաչին վրայ: Քուրանը կ’ըսէ, որ Ան երբեք չխաչուեցաւ, եւ թէ փոխարէնը Աստուած Զինք ողջ երկինք տարաւ: Իսլամները կը վիճին, որ Աստուած չ’արտօներ, որ Յիսուս՝ բարի մարգարէն, այդպիսի ամօթալի մահով մը մեռնի խաչին վրայ՝ ուրիշներուն գործած մեղքերուն համար:

Իսլամները չեն տեսներ մարդուն մեղաւոր բնոյթը, ուստի կը մերժեն փրկութեան անհրաժեշտութիւնը(պէտքը): Իրենց համար խաչը յիմարութիւն է (Ա.Կորնթացիներուն 1.18-25):

 Աղօթք

Ամենակարո՛ղ Աստուած, մեր սիրող Երկնաւոր Հայրը, մենք կը ճանչնանք եւ կ’ընդունինք Քեզ որպէս մեր յաւիտենական Փրկիչը: Մենք խոնարհաբար կու գանք՝ ակնածելով Քու սէրէդ եւ Յիսուսի խաչին վրայ կատարած զոհաբերութենէն: Ի՜նչ ամօթ եւ ցաւ կրեց Ան՝ մեզ մեղքէն եւ դատապարտութենէն փրկելուհամար: Աստուծոյ Գառը մեռաւ՝ մեզի կեանք տալու համար:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քեզի:

Իմ իսլամ ընկերներս չեն հասկնար, որ Քրիստոսի մահը խաչին վրայ Քու գերագոյն նուէրդ էր մեղաւոր մարդկութեան համար: Օգնէ՛ անոնց հասկնալու, որ իրենք մեղաւորներ են, որոնք փրկութեան պէտքունին: Ցոյց տուր անոնց խաչին զօրութիւնը, որ կը փրկէ մեզ մեղքէն, կը փոխակերպէ մեր կեանքերը խաւարէն լոյսի եւ մեզ կը փրկէ Սատանային թագաւորութիւնէն, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութեան մաս կազմենք:

Դատապարտէ՛ զիրենք խաչը մերժելու իրենց լուրջ մեղքին համար: Թող անոնք հաւատան Քու Խօսքիդ եւ ընդունին Աւետարանը: Ես կ’աղերսեմ իսլամներուն համար, որ իրենք գիտնան, թէ Յիսուս մեռաւ զիրենքիրենց մեղքերէն փրկելու համար եւ յարութիւն առաւ՝ զիրենք արդարացնելու համար: Վերցո՛ւր վարագոյրը անոնց միտքերէն. բա՛ց անոնց աչքերը. գրաւէ՛ անոնց սիրտերը Քու սիրովդ:

Օգնէ՛ իսլամներուն, որ հասկնան, որ այն օրը, երբ Յիսուս մեռաւ խաչին վրայ, մռայլ, տխուր օր մը չէր: Ատիկա մեղքին, Սատանային եւ մահուան դէմ յաղթանակի օր է: Տօնակատարութեան եւ ուրախութեանօր է:

Ամէն օրհնութիւն եւ փառք Քեզի, խաչուած եւ յարեալ Քրիստոս, Առաջինը եւ Վերջինը, Անիկա, որ Կենդանի է, որ մեռաւ եւ որ յաւիտեանս յաւիտենից ողջ է: Ամէն:

Խոստում

«Քանզի խաչին քարոզութիւնը կորսուածներուն յիմարութիւն է, բայց մեզի փրկուածներուս Աստուծոյզօրութիւնն է» (Ա.Կորնթացիներուն 1.18):