Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք, որ
Իսլամական Քաղաքներ Քրիստոնեայ Դառնան
Գալ Կիրակի Արեւմտեան Քրիստոնէական աշխարհը կը տօնէ Ծաղկազարդը: Մենք կը յիշենք, որ Յիսուս յաղթական, բայց խոնարհաբար մտաւ Երուսաղէմ. Ան աւանակի մը վրայ հեծած եկաւ: Ամբոխը կ’ուզէր իրուրախութիւնը արտայայտել: Անոնք դուրս ելան Զինք ընդունելու՝ արմաւենիի ճիւղեր բռնած եւ իրենց հագուստները ճամբուն վրայ փռելով: Անոնք իրենց ձայնը բարձրացուցին՝ իբրեւ նշան երկրպագութեան եւ գովաբանութեան: Այդպէս կ’ողջունէին յաղթողներն ու թագաւորները երբ իրենց յաղթանակներէն կըվերադառնային իրենց երկիրը:
Աղօթք
Տէ՛ր Յիսուս Քրիստոս, Փառաւոր եւ Ամենակարող Փրկիչ, Դուն Քեզ խոնարհեցուցիր, որպէսզի մեզի ողորմիս: Դուն խոնարհեցար, որպէսզի մեր Փրկիչը դառնաս: Կը պաշտենք Քեզ: Միայն Դո՛ւն ես Աստուած: Միայն Դո՛ւնես մեր Տէրը: Դուն անտեսանելի Աստուծոյ տեսանելի պատկերն ես: Ամէն ինչ Քեզմով եւ Քու փառքիդ համար ստեղծուեցաւ՝ քաղաքները եւ ազգերը, թագաւորները եւ թագաւորութիւնները, կառավարիչներն ու իշխանութիւնները: Դուն կրնայիր Երուսաղէմ մտնել մարգարիտներով եւ թանկարժէք քարերով պարուրուած ոսկիէ կառքով, բայց անոր փոխարէն Դուն իշու մը վրայ նստած ներս մտար: Ի՜նչ խոնարհութիւն:
Կ’աղօթեմ, որ Դուն յաղթականօրէն մտնես այն քաղաքներէն եւ պզտիկ քաղաքներէն ներս, որոնք ներկայիս պիտակաւորուած են որպէս իսլամական ամրոցներ:
Թող որ մտնես մարդոց սիրտերէն ներս եւ փոխես զիրենք: Թող բազմաթիւ իսլամներ այս շաբաթ ունենան Քեզ, Յիսուս Քրիստոս, որպէս իրենց Ազատարարը, Փրկիչը եւ յաւիտենական Թագաւորը: Կ’աղօթեն, որ անոնքապրին Քու սէրդ, ողորմութիւնդ եւ քնքշութիւնդ: Թող անոնք բազմութեամբ գոռան իրենց հոգիին խորերէն. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի: Օրհնեալ է ան որ Տիրոջը անունով կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս … Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ, որ էր եւ որ է եւ որ պիտի գայ … Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու» (Մատթէոս 21.9: Յայտնութիւն Յովհաննէսի 4.8, 5.12):
Խոստում
«Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան, վասնզի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես ու երկրի ազգերըդո՛ւն պիտի առաջնորդես» (Սաղմոսաց Գիրք 67.4):