Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք իսլամական
Ծոմապահութեան Մասին
Այս ժամանակին իսլամները կը սկսին միամսեայ ծոմապահութեան, որ կը կոչուի «Ռամատան»: Իսլամական օրացոյցը հիմնուած է լուսնային տարուան վրայ, որ ունի ընդամէնը 354 օր: Ուստի ամէն տարի միամսեայ ծոմապահութիւնը կու գայ մօտ տասնմէկ օր աւելի կանուխ, քան նախորդ տարին:
Այս ամսուան ընթացքին իսլամները ծոմ կը պահեն ամէն օր արշալոյսէն մինչեւ մայրամուտ: Անոնք կերակուրչեն ուտեր, չեն խմեր, չեն ծխեր, հաճելի բուրմունքներ չեն գործածեր, եւ ամուսնական յարաբերութիւններ չենունենար: Ամէն օր մայրամուտէն ետք անոնք կ’ընդհատեն ծոմը, սովորաբար խնճոյքով մը: Իրենց արտօնուած էուտել մինչեւ յաջորդ օրուայ արշալոյսը:
Իսլամական կրօնքին համաձայն, «Ռամատան»ի ծոմապահութիւնը մարդոց կու տայ հնարաւորութիւնը, որԱստուծոյ առջեւ ճիշդ դիրք ձեռք բերեն (արդարանան) եւ դրախտ մտնեն:
Կարգ մը իսլամներ կը հաւատան, որ այս ամսուան ընթացքին Սատանան շղթայուած է եւ չի կրնար իրենց վնասհասցնել, որ դրախտի դռները բաց են, իսկ դժոխքի դռները՝ գոց:
Աղօթք
Ո՛վ Տէր Յիսուս, իմ սիրտիս մէջ սէր եւ ողորմութիւն ունենալով կ’աղօթեմ իսլամներուն համար ծոմապահութեանայս եղանակին ընթացքին:
Դուն գիտես, Տէ՛ր, որ իսլամներուն մեծամասնութիւնը անկեղծ մարդիկ են: Անոնք լուրջ վերաբերմունք ունինիրենց կրօնքին եւ համոզումներուն նկատմամբ: Օգնէ՛ անոնց, որ անդրադառնան, որ Քեզի մօտենալու համարպէտք է անցնին Յիսուսէն եւ խաչին վրայ Անոր կատարած զոհաբերութենէն: Անոնք չեն կրնար իրենք զիրենքմեղքէն փրկել՝ առանց օգնութեան: Անոնք չեն կրնար դէպի Քեզ բարձրանալ ծէսեր եւ կրօնական պարտականութիւններ կատարելով:
Ո՛վ Աստուած, օգնէ անոնց, որ յայտնաբերեն, թէ մենք արդարութեան գործերով չենք փրկուիր, այլ միայն հաւատքով՝ Քու շնորհքովդ (Քու չշահուած օրհնութիւններովդ):
Կ’աղօթեմ, որ այս ամսուան ընթացքին Դուն Քեզ յայտնես իսլամներուն որպէս Փրկիչը, որ արդէն իսկ ամէն բանկատարած է: Թող գիտնան, որ խաչին վրայ «Ամէն բան կատարուեցաւ»: Ամէն:
Խոստում
«Օրէնքով մէ՛կը չի կրնար արդարանալ Աստուծոյ առջեւ, այդ յայտնի է. քանզի “Արդարը հաւատքով պիտիապրի”» (Գաղատացիներուն 3.11):