Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Մուրատ Սուլթանին՝
Թաւրիզի Ոստիկանապետին Ձգած Աւանդին Մասին

Մուրատ Սուլթանը ծնած է Պարսկաստանի շահին պալատին մէջ 1876-ին: Ան ոստիկանապետ եւՊարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքին բանակին պետը դարձաւ: Երբ ռուսերը յարձակեցան եւ գրաւեցին այդշրջանը, անոնք ծրագիրներ հիւսեցին՝ Սուլթանը մահապատիժի ենթարկելու համար: Ան փախաւ, բայց ձիւնինպատճառով կանգ առաւ հայ քահանայի մը տունը: Քահանան 40 օր զինք իր տունէն ներս պահեց եւ կերակրեց:

Երբ Սուլթանը որոշեց, որ պէտք էր շարունակէր փախչիլ զինք հետապնդողներէն, քահանան անոր ըսաւ, որ իրտունը ապաստանած բոլոր օրերուն ընթացքին ան իրեն համար աղօթած էր՝ պաշտպանութեան եւ ապահովկերպով իր ընտանիքին վերադառնալու համար: Յետոյ քահանան իրմէ խնդրեց խոստանալ, որ երբ ապահովկերպով տուն հասնի, պիտի հետեւի Քրիստոսին իբրեւ իր Փրկիչը: Սութանը խոստացաւ եւ ճամբայ ելաւ:

Բայց Սուլթանը ռուսական զօրքին կողմէ ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ, սպասելով մահապատիժի: Որոշուած օրը առաւօտուն երբ պիտի սպաննուէր, յանկարծ յիշեց իր խոստումը: Ան անմիջապէս աղօթեց Տիրոջըսելով. «Յիսո՛ւս Քրիստոս, եթէ Դուն այսօր ողջ ես եւ մեղաւոր մարդոց Փրկիչն ես, ազատէ՛ զիս՝ մեղաւորս, այսաղէտէն, որպէսզի հաւատամ Քեզի»:

Հրաշքով մը Ռուսական կառավարութիւնը Սուլթանը ազատ արձակեց: Երբ ան տուն հասաւ, ինք եւ իրընտանիքը իրենց սիրտերը Քրիստոսի նուիրեցին: Հետագային ան իր շրջանի եկեղեցիին առաջնորդընտրուեցաւ, բան մը, որ մեծ պատիւ է իսլամութենէ դարձող կրօնափոխի մը համար1:

Աղօթք

Տէ՛ր Յիսուս Քրիստոս, մեղաւորներուն Փրկիչը, տառապեալները ազատողը, եւ անօգնականներուն պահապանը, շնորհակալ եմ Քու մեծ զօրութեանդ համար: Շնորհակալ եմ, որ Սուլթանին հանդէպ ողորմութիւն եւ գութցուցաբերեցիր եւ զինք, իր կինը եւ իր վեց զաւակները հաւատքով Քու Թագաւորութենէդ ներս բերիր:

Շնորհակալ եմ, որ իրեն օգնեցիր, որ անվախօրէն եւ պատիւով ծառայէ Քեզի՝ քաջաբար քարոզելով Աւետարանըեկեղեցիներու մէջ եւ բացօդեայ հաւաքոյթներու ընթացքին:

Մենք հաւատքով կը հռչակենք, որ Քու Հոգիդ Սուլթանին պէս բազմաթիւ կառավարական մարդիկ պիտիառաջնորդէ, որ Յիսուսի հաւատալով փրկուին: Թող անոնք համարձակօրէն հռչակեն Քու Խօսքդ եւ Եկեղեցիինծառայեն պարկեշտութեամբ: Յիսուսի անունով, ամէն:

Խոստում

«Ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ անջուր երկրին վրայ՝ հեղեղներ» (Եսաեայ 44.3)

____________________________

1Սի.Էյչ. Էլըն. «Ինչո՞ւ Իսլամ Կառավարական Մարդ մը Փոխեց Իր Կրօնը»: Իսլամական Աշխարհը պարբերաթերթին մէջ. 1952:176-184; եւ Տապլյու.Էմ.Միլըր, Պարսկական Հեքիաթներ, 1979:76-80: