Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Լիբանանի համար

Երկու դարեր առաջ արեւմուտքէն միսիոնարներ սկսան հասնիլ Միջին Արեւելք եւ Լիբանանը անոնց նախընտրած շրջանն էր: Անիկա Սուրիայի մէկ մասը եղած է եւ Օսմանեան Թուրքիայի տիրապետութեան տակ: Աստուծոյ օգնութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ միսիոնարները քանի մը տասնամեակներու ընթացքին տեսան մեծ հունձք: Թէեւ մեզմէ քիչերը լսած են անոնց մասին, բայց մարդիկ ինչպէս Պլիսը, Ճիսափը, Սմիթը եւՎան Տայքը միսիոնարներու տարեգրութեան մէջ լուսատուներ են: Անոնք ամէն բան զոհեցին, շատ չարչարուեցան, եւ պայքարեցան սպառնալիքներու, անօթութեան, հիւանդութեան եւ ուրիշ բազթիւ հարցերուդէմ: Աստուած Իր ողորմութեամբ անոնց շնորհեց հիանալի արդիւնքներ: Անոնք Աստուածաշունչը թարգմանեցին դասական արաբերէնի, հիմնեցին եկեղեցիներ, հիմնեցին կրթական հաստատութիւններ եւհրատարակեցին հսկայական քանակութեամբ քրիստոնէական գրականութիւն:

Ատոր կողքին, Լիբանանը եղած է բազմաթիւ նահատակներու տունը, որոնք մեռան իրենց հաւատքին համար, անոնցմէ են՝ Ասաատ Շիտիաքը եւ Քամիլ Ալ-Այթանին, որոնք սպաննուեցան իրենց կեանքին լաւագոյն տարիներուն պարզապէս որովհետեւ անոնք որոշեցին Քրիստոսի հետեւիլ:

Այս երկրին շնորհքներէն են.

  1. Ծովու բնական գեղեցկութիւն, լեռներ, գետեր, ձիւն, անտառներ, եւ կանանչութիւն,
  2. Որոշ չափով կրօնական ազատութիւն, եւ
  3. Բոլոր արաբական երկիրներուն մէջ ամենաժողովրդավարական երկիրը ըլլալը1:

Ատով հանդերձ, անիկա շարունակ տառապած է քաղաքական ցնցումներէ, աղանդաւորական եւ համայնքայինկռիւներէ, քաղաքացիական պատերազմներէ եւ արիւնահեղութենէ:

Աղօթք

Հա՛յր մեր, որ երկինքն ես, շնորհակալ ենք այն հերոսներուն համար, որոնք եկած են Միջին Արեւելք՝ Քրիստոսը ներկայացնելու ժողովուրդի մը, որ իսլամութեան եւ աւանդութիւններու խաւարին մէջ ընկղմած էր: Շնորհակալեմ այն գործին համար, որ հիմա կը կատարուի Լիբանանի մէջ: Կ’աղօթեմ, որ հոն գտնուող ժողովուրդը իրսիրտը բանայ Քրիստոսին:

Օգնէ՛, որ մարդիկ գիտակցին, որ մոլեռանդութեան եւ աղանդաւորութեան պատճառով յառաջացած թշուառութիւնը պիտի չվերջանայ բացի եթէ Քրիստոս Թագաւոր պսակուի իրենց կեանքերուն վրայ:

Խոստում

«Անիկա բոլորովին պիտի ծաղկի եւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ: Անոր պիտի տրուի Լիբանանինփառքը, Կարմեղոսին ու Սարօնին վայելչութիւնը. անոնք Տիրոջը փառքը, մեր Աստուծոյ վայելչութիւնը պիտիտեսնեն» (Եսայի 35.2): 

_______________________________

1Նաեւ Լիբանան բառը մօտաւորապէս 70 անգամ նշուած է Աստուածաշունչին մէջ բնակչութեան, լեռներուն կամ մայրիներունհետ կապակցաբար: