Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք իսլամներուն համար, որ ճանչնան
Յիսուսը՝ Բարի Հովիւը

Աստուծոյ Խօսքին մէջ Յիսուս բազմաթիւ տիտղոսներ ունի եւ տարբեր ձեւերով նկարագրուած է: Օրինակ՝ Յիսուս Ինքզինք կը կոչէ «Բարի Հովիւ»-ը (Յովհաննէս 10.14): Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում ունինք, որ կը ճանչնանք Զինքորպէս Ան, որ կը հոգայ մեզի, Ան որ խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ մեզ, Ան որ հանդարտ ջուրերու քով մեզ կ’առաջնորդէ, Ան որ մեր հոգին կը նորոգէ, Ան որ արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ մեզ(Սաղմոսաց Գիրք 23.1-3): Ան նաեւ Անիկա է, որ կորսուած ոչխարին ետեւէն կ’երթայ մինչեւ որ գտնէ զայն(Ղուկաս 15.4): Եւ Ան Միա՛կն է, որ Իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար (Յովհաննէս 10.11,15):

Աղօթք

Տէր Յիսո՛ւս, Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քու մեծ սիրոյդ համար: Ես կը բարեխօսեմ իսլամներուն համար: Թողոր հաւատան Քեզի եւ ճանչնան Քեզ իբրեւ իրենց Բարի Հովիւը: Թող անոնք լիովին վստահին Քեզի, որ զիրենքփրկես մեղքէն, պահես եւ պաշտպանես զիրենք թշնամիէն եւ զիրենք առաջնորդես խաղաղութեան եւ ամբողջականութեան (առողջ եւ փրկուած ըլլալու) մէջ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Թող անոնք գիտնան, որ Դուն հաւատարիմ եւ ճշմարիտ ես եւ երբեք պիտի չմոլորոցնես զիրենք: Թող անոնք գիտնան, որ Դուն վստահելի ես եւ երբեք պիտի չլքես զիրենք: Սորվեցո՛ւր անոնց, որ մտիկ ընեն Քու ձայնիդ եւ հնազանդին Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան եւ մղումներուն:

Երբ իսլամները Քեզի կու գան հաւատքով, վստահելով Յիսուսի՝ իբրեւ Փրկիչ, կ’աղօթեմ, որ Քու Հոգիդ հսկէ անոնցվրայ: Պաշտպանէ՛ զիրենք գայլերէ, գողերէ եւ ներխուժողներէ (Յովհաննէս 10.10):

Քու անուանդ համար: Ամէն:

Խոստում

«Ես եմ բարի հովիւը» (Յովհաննէս 10.14):