Այս շաբաթ մենք պիտի գովաբանենք
ԶԱստուած՝ Մեր Պաշտպանը
Մովսէս ամուսնացաւ ափրիկեցի կնոջ մը հետ: Անոր ընտանիքը ասկէ գոհ չէր, հաւանաբար ցեղայինխտրականութեան պատճառով: Անոնք իրեն դէմ խօսեցան: Բայց Աստուած իջաւ պաշտպանելու զինք(Կարդացէ՛ք պատմութիւնը Թուոց Գիրք 12-ին մէջ):
Երբ կը գտնուիք այնպիսի կացութիւններու մէջ, երբ մարդիկ ձեզի դէմ կը խօսին եւ կը դաւադրեն, Աստուծոյ վստահեցէք, քանի որ Ան ձեր պաշտպանն է: Երբ անոնք կը ծաղրեն ձեզ եւ վատ վերաբերումկ’ունենան ձեզի հանդէպ Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալնուդ պատճառով, կամ ձեր ցեղայինպատկանելիութեան պատճառով, կամ որեւէ ուրիշ բանի համար, ձեր Երկնաւոր Հայրը կը տեսնէ եւ կըլսէ:
Աստուած ձեզի կրնայ տալ իմաստութիւնը, համբերութիւնը, եւ տոկունութիւնը՝ սպասելու, որ Ան դուրսհանէ ձեր արդարութիւնը:
Աղօթք
Մեծ Աստուա՛ծ, Յաւիտենակա՛ն Հայր, Ստեղծիչը բոլոր տղամարդոց եւ կիներուն, ես Քեզի կու գամ որպէսշնորհքով փրկուած մեղաւոր մը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քեզի: Ես կը մօտենամ Քու սուրբներկայութեանդ իմ Տիրոջս՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով:
Ինծի ցաւ պատճառող մարդիկը իմ թշնամիներս չեն: Իմ իրական թշնամիս Սատանան է: Ջախջախէ՛ եւպարտութեան մատնէ անոր ծրագիրները: Ես յաղթանակ կը հռչակեմ անոր վրայ Յիսուսի արեանզօրութեամբ, որ իմ Փաստաբանս է երկինքի մէջ:
Հագի՛ր Քու սպառազինութիւնդ, Տէր Աստուա՛ծ, ա՛ռ Քու վահանդ, եւ պատրաստուի՛ր պատերազմի: Օգնութեան հասիր ինծի եւ Քու թեւերդ փաթթէ իմ շուրջս, որպէսզի պաշտպանես զիս եւ յաղթութիւն տասինծի (Սաղմոսաց Գիրք 35.2-3, 84.11):
Ինչ կը վերաբերի այն մարդոց, որոնք իրենք իրենց թոյլ կու տան, որ իմ կեանքիս համար Քու ունեցածծրագիրներուդ դէմ շահագործուին, օգնէ ինծի, որ սիրեմ զիրենք, ներեմ իրենց, եւ իրենց հանդէպողորմած ըլլամ: Թող Քրիստոսի լոյսը փայլի անոնց սիրտերուն մէջ եւ զանոնք վերածէ պատուականանօթներու, սրբուած՝ Տիրոջ ծառայութիւն մատուցանելու:
Կ’աղօթեմ, որ Հոգիին պտուղը յայտնի ըլլայ իմ կեանքիս մէջ եւ փառք եւ պատիւ բերէ Քու անունիդ: Ամէն
Խոստում
«Երանի՜ քեզի, ո՛վ Իսրայէլ. ո՞ր ժողովուրդը քեզի պէս Տիրոջ ձեռքով փրկուած է. վասնզի քու օգնութեանդասպարը ու յաղթութեանդ սուրը անիկա է. քու թշնամիներդ քու առջեւդ պիտի խոնարհին ու անոնցբարձր տեղերուն վրայ պիտի կոխես» (Թուոց Գիրք 33.29):