Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք, որ Սուրբ Հոգին մեզի տայ
Աստուածային Յայտնութիւն
Նոր Փնտռողներուն Մտադրութիւններուն Մասին
Մենք «գոց դռներու ետին» պաշտամունք կ’ընէինք երբ մէկը մեր տան զանգակը զարկաւ: Ես արագաղօթք մը բարձրացուցի դէպի երկինք եւ դուռը բացի եւ տեսայ Մուլտի անունով օտարական մը: Անըսաւ, որ Յիսուսի հաւատացած է Եւրոպայի մէջ: Ես Տիրոջմէն խնդրեցի, որ ինծի յայտնէ եթէ անճշմարտութիւնը կ’ըսէր կամ եթէ ան գաղտնի ոստիկան էր, որ իբրեւ քրիստոնեայ ծպտուած էր:
Սուրբ Հոգին հանգստացուց զիս, եւ ես Մուլտին առաջնորդեցի դէպի մեր հանդիպման սենեակը: Երբներս մտանք, բոլորը դադրեցան երգելէ: Անոնք վրդովեցան երբ տեսան, որ անծանօթ մէկը եկած է մերհանդիպումին: Բայց երբ Մուլտին մեզի պատմեց իր պատմութիւնը, բոլորը սկսան հանգստանալ: Հետագային ան դարձաւ եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդ եւ միսիոնարական գործին համար մեծ օգնութիւն էր:
Մենք միշտ պէտք ունինք, որ Սուրբ Հոգին մեզի յայտնէ իրական մտադրութիւնները իսլամի մը, որ կ’ըսէ, թէ ինք ընդունած է Յիսուս Քրիստոսը: Ասիկա շատ կարեւոր է, մասնաւորաբար այն մարդոց համար, որոնք կը ծառայեն ընկերութիւններու մէջ, ուր երկրին իշխանութիւնները կը հալածեն եւ կը բռնեն այնմարդիկը, որոնք կ’աշխատին Աւետարանը տարածելու:
Աղօթք
Հա՛յր մեր, որ երկինքն ես, Քու անունդ սուրբ ըլլայ1: Ես կը մեծարեմ եւ կը բարձրացնեմ Քեզ, որովհետեւԴուն Աստուած ես: Դուն գիտես, թէ ո՛րքան տկար ենք մենք: Դուն մեզի տուիր Քու Սուրբ Հոգիդ՝ մեզզօրացնելու եւ առաջնորդելու համար: Դուն իմաստուններուն իմաստութիւն կու տաս ուհանճարեղներուն՝ գիտութիւն (Դանիէլ 2.21): Շնորհակալութիւն Քեզի:
Թող որ մենք երբեք երես չդարձնենք այն մարդոցմէ, որոնք անկեղծօրէն կը փնտռեն Քեզ: Մենք գիտենք, որ ոմանք անկեղծ չեն, բայց ատով հանդերձ կը փորձեն Քու եկեղեցիիդ միանալ (Դանիէլ 11.34): Ատորհամար մենք կ’աղօթենք, որ Դուն օգնես Քու բոլոր ծառաներուդ, որոնք կը գործեն շրջաններու մէջ, ուրերկրին իշխանութիւնները կ’արգիլեն Աւետարանը:
Մենք պէտք ունինք Քու Հոգիիդ յայտնութեան եւ առաջնորդութեան երբ կը դիմագրաւենք որոշումներ, որոնք փոփոխութիւն պիտի բերեն մարդոց կեանքերուն մէջ: Օգնէ՛ մեզի, որ ըլլանք զգայուն, մտիկ ընենքեւ հետեւինք Քու մղումներուդ: Դուն կը յայտնես խորունկ ու ծածկուած բաները (Դանիէլ 2.22). յայտնէզանոնք մեզի անհրաժեշտութեան ատեն: Դուն գիտես, թէ ի՛նչ կը բնակի խաւարին մէջ, եւ լոյսը կը բնակիՔու մէջդ: Թող Քու լոյսդ շողայ մեր սիրտին եւ խիղճին մէջ: Ամէն:
Խոստում
«[…] Երկնքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ […]» (Դանիէլ 2.28):