Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Աքսորի մէջ Գտնուող Հաւատացեալներուն համար

Նորադարձ երիտասարդին գործընկերը տեսաւ, որ ան Աստուածաշունչ կը կարդար եւիշխանութիւններուն տեղեկացուց: Երբ գիտցան, որ ան Յիսուսի հետեւորդ է, իր ընտանիքին լուր տուինեւ անոնք անմիջապէս որոշեցինք ծրագրաւորել, որ զինք սպաննեն: Ուստի ան առանց ժամանակկորսնցնելու ուրիշ երկիր փախաւ:

Բազմաթիւ իսլամներ, որոնք Քրիստոսի կը հաւատան, կը ստիպուին լքել իրենց տուները: Անոնցմէոմանք կը զրկուին իրենց ժառագութենէն եւ ֆիզիքական եւ զգացական բռնաբարումի կ’ենթարկուին: Ուրիշներ կը սպաննուին (կը ջարդուին): Այսպիսի խիստ պատժամիջոցներէ խուսափելու համարշատերը կը փախչին դէպի ուրիշ քաղաք կամ երկիր: Ընդհանուր առմամբ միայն քիչերն են, որ կըյաջողին մնալ իրենց ծննդավայրին մէջ եւ կը շարունակեն ապրիլ Յիսուսի համար:

Այս շաբաթ մեր աղօթքը պիտի կեդրոնանայ անոնց վրայ, որոնք ձգած են իրենց ընտանիքներն ուընկերութիւնները՝ ապաստան փնտռելու աշխարհի շուրջ գտնուող բազմաթիւ տեղերու մէջ:

Աղօթք

Տէր Յիսուս Քրիստոս, ոչխարներուն Հովուապետը (Եբրայեցիներուն 13.20), կը գովաբանենք Քեզ, որբազմաթիւ իսլամներ Քեզի կու գան հաւատքով: Մենք կ’աղօթենք այս եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որոնք Քեզի հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին պատճառով լքած են տուներ, ընտանիքներ, գործեր, եւմշակոյթներ:

Կ’աղօթեմ, որ զիրենք լեցնես Քու ներկայութեամբդ: Թող անոնք անդրադառնան, որ Քու աչքերդ իրենցվրայ են՝ պաշտպանելու եւ օրհնելու համար զիրենք: Տէր Աստուա՛ծ, գործածէ զիրենք իրենց նորմիջավայրին մէջ որպէս Աւետարանին ազդու պատգամաւորները: Երբ անոնք կը գտնուին տարբերմշակոյթներու մէջ, անծանօթ միջավայրերու եւ օտար լեզուներու մէջ, լեցուր իրենց սիրտերը Քուխաղաղութեամբդ, սիրովդ եւ ուրախութեամբդ:

Դի՛ր Քու Խօսքդ իրենց սիրտերուն մէջ: Թող Սուրբ Հոգիին պարգեւները յայտնաբերուին իրենցկեանքերուն մէջ: Գործածէ՛ զիրենք հզօր կերպով այնպէս ինչպէս գործածած ես ուրիշները, որոնքնոյնանման կացութիւններ դիմագրաւած են (Առաքեալներու Գործերը 8.1, 4, 11.19):

Յիսուսի անունով, ամէն:

Խոստում

«Ահա ես քեզի հետ եմ ու ամէն ուր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ […] մինչեւ որ իմ քեզի ըսածս չընեմ, քեզպիտի չթողում» (Ծննդոց Գիրք 28.15):