Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Քրիստոսին Հաւատացողներուն համար,
որոնք Իսլամական Երկիրներ կը Ճամբորդեն
Քրիստոնեաներ բազմաթիւ երկիրներէ ամբողջ աշխարհի շուրջ կը ճամբորդեն: Եւ անոնցմէ շատերըկ’երթան իսլամական երկիրներ: Երբ Սուրբ Հոգին մեզ աստուածային նախանձախնդրութեամբ կը լեցնէկորսուածներուն համար, ի՛նչ հզօր ոյժ կրնանք ըլլալ՝ վկայելու մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին համար:
Եթէ մենք ունենանք Սուրբ Հոգիին օծութիւնը եւ մեր բերանը բանալու քաջութիւնը, պիտի զարմանանք, թէԱստուած ի՛նչպէս կ’առաջնորդէ մեզ դէպի կարիքաւորները եւ կը գործածէ մեր խօսքերը՝ ծառայելուհամար անոնց:
Աղօթք
Տէր Աստուա՛ծ, Քէզի կը բերեմ անհամար քրիստոնեաներ, որոնք հաւատարիմ են Փրկիչին եւ կըճամբորդեն իսլամական երկիրներու մէջ: Տո՛ւր անոնց քաջութիւն: Օծէ զիրենք Սուրբ Հոգիով: Օգնէ՛ իրենցզրոյց սկսելու, գովասանքի խօսքեր ըսելու, կամ օգնութեան ձեռք մեկնելու իրենց հանդիպողներուն: Թողանոնք դպչին ուրիշներու Քրիստոսի ողորմութեամբ՝ յոյս եւ ուրախութիւն տալու համար: Օգնէ անոնց, որմեղքէն փրկելու ծառայութիւնը ընեն, թող ըլլան լոյս խաւարին մէջ, խաղաղութիւն՝ փոթորկած կեանքերումէջ, եւ յաղթութիւն՝ պարտութեան փոխարէն:
Ես չեմ խնդրեր, որ բոլոր քրիստոնեաները ծառայողներ դառնան, հապա բոլոր քրիստոնեաներըքաջութիւնը ունենան մարդիկը Յիսուսի առաջնորդելու:
Օգնէ մեզի բոլորիս, որ ապրինք Փրկիչին դրօշակին տակ կեանքեր, որոնց մասին կ’ըսեն, թէ աւելի քանյաղթողներ են: Շնորհակալութիւն: Ամէն:
Խոստում
«[…] Ուր որ քեզ ղրկեմ՝ պիտի երթաս ու ինչ որ քեզի պատուիրեմ՝ պիտի խօսիս: Անոնց երեսէն մի՛վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ քեզի ազատելու համար» (Երեմեայ 1.7-8):