Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք, որ
Միջին Արեւելքի Մէջ Գտնուող Եկեղեցիները Գործունեայ Դառնան Իսլամները Քրիստոսի Բերելու Գործին մէջ
Միջին Արեւելքը կը պարծենայ եկեղեցիով մը, որ աւելի հին է, քան աշխարհի մէջ գտնուող ուրիշ որեւէեկեղեցի: Ատով հանդերձ եօթներորդ դարուն, այդ շրջանէն ներս իսլամական ներխուժումանպատճառով, եւ անոր հետեւող Իսլամական Կայսրութեան ընդլայնման պատճառով, Միջին Արեւելքիբնակչութեան մեծ մասը այսօր իսլամ է:
Այդ ներխուժման ինչպէս նաեւ իսլամական մենատիրական իշխանութեան պատճառով, քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ պառակտումը եղած է սուր եւ գրեթէ անչափելի(աներեւակայելի): Մենք գիտենք, որ միայն Աստուծոյ սէրը կրնայ փոխել այդ իրավիճակը:
Քաղաքականութիւնը, կրօնական եւ ազգային պատկանելիութիւնը մէկդի դնելով, այն իրականութիւը, որերկու կրօններուն պատկանող ժողովուրդները կը խօսին նոյն լեզուն եւ կը հասկնան իրարու մշակոյթն ույատկանիշները, քրիստոնեաներուն կը պարտադրէ, որ աւելի մասնակից դառնան իրենց իսլամհայրենակիցները Գողգոթայի խաչին բերելու գործին: Մենք պէտք է ասոր համար աղօթենք:
Աղօթք
Ամենակարող Աստուած՝ մեր Երկնաւոր Հայրը, կը գովաբանենք Քեզ եւ կը պատուենք Քու սուրբ անունդ: Դուն մեզի վստահած ես ուրիշները Քու խնճոյքի տունդ բերելու՝ Քու անունդ մեծարելու եւ Քու յաւերժականօրհնութիւններդ վայելելու համար:
Կ’աղօթեմ, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները իսլամներու կողմէ իրենց կրած վատ վերաբերմունքէն եւհալածանքէն անդին անցնին եւ ներեն անոնց: Թող Միջին Արեւելքին մէջ ապրող իմ եղբայրներս եւքոյրերս մոռնան այդ պատմութիւնը եւ Քեզմէ խնդրեն, որ իրենց օգնես, որ Քեզի բերեն բազմաթիւիսլամներ:
Տէր Յիսուս Քրիստոս, մեր Փրկիչը, Դուն մեռար իսլամներուն համար ալ: Անոնք Քու սէրէդ եւզոհաբերութենէդ անտեղեակ են: Բա՛ց անոնց աչքերը, բա՛ց անոնց միտքերը, բա՛ց անոնց սիրտեր, որպէսզի տեսնեն եւ ընդունին Աստուծոյ Որդին:
Կ’աղօթեմ, որ Դուն վերակենդանացնես Քու եկեղեցիդ Միջին Արեւելքի մէջ: Զինէ՛ հոն գտնուող Քուժողովուրդդ Աստուծոյ հզօր Հոգիով, որպէսզի երթան եւ հաւաքեն իսլամներու հասունցած հունձքըՔրիստոսի թանկագին անունով: Ամէն:
Խոստում
«Սիրեցէք ձեր թշնամիները […] եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ […] կը հալածեն. որպէսզի ձերերկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք […]» (Մատթէոս 5.44-45):