Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Իսլամներու մէջ Յաղթող Եկեղեցիի մը համար

Յիսուս մեզի խոստացաւ. «[…] Պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն» (Մատթէոս 16.18)1: Հին ժամանակներուն քաղաքին դուռը այն տեղն էր, ուր քաղաքին երէցները կըհաւաքուէին՝ իրենց համայնքին գործերը տնօրինելու համար (Ծննդոց Գիրք 19.1, 23.10: Հռութ 4.1): Դժոխքին դռները այն տեղն է, ուր թշնամին կը հաւաքէ իր դիւային ոգիները՝ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմիրենց ծրագիրները ձեւակերպելու համար: Մենք կը պահանջենք Յիսուսի խոստումը, որ իսլամներունմէջ գտնուող եկեղեցին ըլլայ յաղթական, եւ անոր դէմ սարքած Սատանային դաւերը երբեք չյաջողին:

Ուահիպան իսլամ աղջիկ մըն է, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը հաւատայ: Ան ախտաճանաչուած էյառաջացած քաղցկեղով: Անոր իսլամ քոյրը փորձեց զինք համոզել, որ վհուկներու քով երթայ, որպէսզիզինք բժշկեն: Բայց Ուահիպան վճռակամ եւ զօրաւոր Քրիստոնեայ է: Ան բացարձակապէս մերժեց այդմէկը: Ան իր քրոջ ըսաւ, որ ինք կը վստահի միայն Յիսուսին, որ զինք բուժէ:

Թող Տէր Աստուած իսլամներուն մէջ բարձրացնէ Ուահիպային նման զօրաւոր հաւատացեալներուխումբեր:

Աղօթք

Երկինքի մէջ գտնուող մե՛ծ Աստուած, օրհնեալ ըլլայ Քու սուրբ անունդ յաւիտեան: Դուն Ամենակարող ես: Դուն մեր ամուր աշտարակն ես: Տկարութեան մէջ մենք Քեզի կու գանք՝ հզօր յաղթական եկեղեցի մըխնդրելով իսլամներուն մէջ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քեզի, որ բազմաթիւ իսլամներ Քրիստոսի կուգան մեր ժամանակներուն մէջ: Բայց մենք կ’անդրադառնանք, որ հոն գտնուող հաւատացեալները պէտքունին եռանդուն համայնքներու, որոնք Հոգիով լեցուած, Քրիստոսակեդրոն, Աստուածաշունչին վրայհիմնուած, եւ մշակութային առումով իրենց համապատասխան են:

Կ’աղօթեմ, որ այսպիսի համայնքներ յառաջ գան բոլոր իսլամական ընկերութիւններուն մէջ, իբրեւվկայութիւն Քու փառքիդ եւ զօրութեանդ:

Տո՛ւր իմաստութիւն, գիտութիւն, խելացութիւն եւ զանազանելու կարողութիւն այսպիսի խումբերուղեկավարներուն եւ անդամներուն:  Լեցո՛ւր զանոնք համբերութեամբ եւ քաջութեամբ: Յայտնէ՛ անոնց այնխոր խորհուրդները, զորս Դուն պատրաստած ես Քու զաւակներուդ համար: Զինէ՛ զանոնք զօրութեամբ եւտոկունութեամբ, որպէսզի դէմ դնեն թշնամիին եւ կռուին այնպէս ,ինչպէս վայել է խաչին զինուորներուն:

Յիսուսի հզօր անունով: Ամէն:

Խոստում

«Քեզի վնասող որեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի […]» (Եսայի 54.17):

________________________________________

1Դժոխքի դռներ կամ մահուան զօրութիւններ