Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023

Այս շաբաթ մենք պիտի աղօթենք
Շատ Աղքատ Շրջաններու մէջ Բնակողներուն համար

Այսօր մեր աշխարհին մէջ մօտաւորապէս մէկ միլիառ հոգի կը բնակի աղքատ շրջաններու մէջ: Խեղճուկեւ յաճախ թշուառ պայմաններով շրջապատուած մարդիկ իրենք զիրենք կը զգան նուաստացած եւքանդուած – չկայ հոսող ջուր, չկայ կոյուղիի համակարգ, բացի ճամբայէն, եւ չկայ մահճակալ, բացիգետնի վրայի խաւաքարտէն:

Կ’ըսուի, թէ անոնց թիւը տարուէ տարի կը բարձրանայ: Թէեւ աղքատ շրջաններուն մէջ բնակողներըբոլորը իսլամ չեն, բայց անոնց մեծ մասը իսլամ է:

Աղօթք

Տէ՛ր Աստուած, Դուն ստեղծեցիր մարդը Քու պատկերովդ, որպէսզի Քեզ պատուէ եւ Յիսուսի անունինփառք բերէ: Մենք կ’աղօթենք աղքատ շրջաններուն մէջ բնակող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որոնք ստիպուած են ապրելու հակառողջական, անմխիթար պայմաններու մէջ:

Ես կ’աղօթեմ այն շահագործումներուն դէմ, զորս հզօր դիրքերու վրայ գտնուող մարդիկ կը բերենկոտրուած մարդկութեան վրայ: Արթնցո՛ւր անոնց խիղճը, ո՛վ արդարութեան Աստուած: Թող գիտնան, որօր մը անոնք պիտի կենան Քու գահիդ առջեւ՝ ստանալու իրենց արդար հատուցումը:

Ուղարկէ՛ Աւետարանին համար գործողներ, որոնք պատրաստ են բաժնեկցելու Քրիստոսի սիրոյպատգամը յուսահատ եւ շուարած մարդոց հետ եւ անոնց հետ որոնք կը գտնուին յաւերժականկարծանման ճամբուն մէջ:

Ո՛վ ողորմած Հայր, ղրկէ Քու զաւակներէդ ոմանք նիւթական եւ կերակուրի նուէրներով դէպիգաղթականներու եւ փախստականներու բանակատեղիները, ուր լքուածները (աղքատները) եւվտարուածները կորսնցուցած են իրենց յոյսն ու արժանապատուութիւնը:

Կ’աղօթեմ, որ աղքատներն ու կարիքաւորները ստանան Քու շնորհքդ, փոխուին ՔրիստոսիԱւետարանին զօրութեամբ եւ ապրին Անոր համար:

Կ’աղօթեմ այն միսիոնարներուն համար, որոնք կ’աշխատին աղքատ շրջաններու բնակիչներուն հետ: Շարունակէ զիրենք լեցնել Սուրբ Հոգիով, ողորմութեամբ եւ քաջութեամբ: Վարձատրէ՛ իրենց ջանքերըհոգիներու մեծ հունձքով: Յիսուսի թանկագին անունով, ամէն:

 Խոստում

Անիկա աղքատը փոշիէն կը վերցնէ ու կարօտը աղբիւսէն կը հանէ, որպէսզի իշխաններուն հետնստեցնէ ու փառքի աթոռը անոնց ժառանգութիւն տայ […]» (Ա.Թագաւորաց 2.8):